Մեսրոպեան Վարժարանի Ծաղկաստանէն 50 Աշակերտներ Ստացան Իրենց Վկայականները

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի մանկապարտէզի հանդէսը եւ վկայականներու բաշխումը տեղի ունեցաւ շաբաթ, 15 յունիս 2013-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, վարժարանի բակին մէջ, ներկայութեամբ Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահ Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեանի, պատկան մարմիններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներու, կրթական գործիչներու, ուսուցիչներու, ծնողներու եւ աշակերտներու:

Աշակերտներու երգեցողութեամբ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Մեսրոպեանի քայլերգներէն ետք, հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեցին Գայեանէ Մուրատեան, Հրայր Աթաշեան եւ Արտա Ներսէսեան: Բարի գալուստի խօսքերէն ետք Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները երգեցին ֆրանսերէն, արաբերէն եւ հայերէն երգեր:

Ապա խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի մանկապարտէզի պատասխանատու Մարիա Պէօճեքեան, որ նշեց, թէ փոքրերը մանկապարտէզին մէջ կը սորվին յարգանք, կեցուածքի մշակում, ընկերներու հետ հաղորդակցութիւն, մէկը միւսը ճանչնալու եւ ընդունելու մօտեցում` դառնալու նկարագիրով ազնիւ եւ քաղաքավար անձեր: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան, մանկապարտէզի ուսուցիչներուն եւ պաշտօնեաներուն, որոնք իրենց բոլոր կարելիութիւնները ի սպաս դրին վարժարանին: Մ. Պէօճեքեան յոյս յայտնեց, որ մանկապարտէզի շրջանաւարտները 12 տարի ետք միեւնոյն բեմէն կը ստանան աւարտականի վկայականները:

Մ. Պէօճեքեանի խօսքէն ետք իր հայրական պատգամը փոխանցեց Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան, որ նկատեց, թէ վկայականաց բաշխման շքեղ հանդիսութիւնը լաւագոյն ապացոյցն է ցոյց տալու վարժարանի բեղուն, ծրագրուած եւ կազմակերպուած գործունէութիւնը: Հայր Եղիայեան ըսաւ, որ Մեսրոպեանը հայկական լաւագոյն կրթօճախն է, որ կը ծառայէ իր առաքելութեան: Այս առիթով ան փոխանցեց իր շնորհաւորութիւնները տնօրէնութեան, անձնակազմին, ծնողներուն եւ աշակերտներուն:

Հայ կաթողիկէ վարժարաններու նախագահին խօսքին յաջորդեց մանկապարտէզի աշակերտներու վկայականներու բաշխման արարողութիւնը, որուն ընթացքին Մեսրոպեանի մանկապարտէզի 50 շրջանաւարտները ստացան իրենց վկայականները:

Հանդէսը շարունակուեցաւ մանկապարտէզի Բողբոջ, Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու կատարողութեամբ «Փինոքիօ» եւ «Հայաստանը մերն է» ներկայացումներով, որուն ընթացքին աշակերտները հայկական եւ օտար երգերով, պարերով եւ բեմական կատարումներով արժանացան ներկաներու գնահատանքին: Գեղարուեստական յայտագիրը փակուեցաւ «Հզօր անկախ Հայաստան» խմբերգի կատարումով:

Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ վարժարանին մէջ մայիս 6-էն ի վեր կայացած է 14 հանդիսութիւններ, որոնց ներկայութեան թիւը կ՛անցնի 8000-ը, եւ որոնցմէ իւրաքանչիւրը որակային առումով ունի իր իւրայատուկ արժէքն ու կարեւորութիւնը: Մեսրոպեանի տնօրէնը ըսաւ, որ յառաջիկայ տարեշրջանին Մեսրոպեանի մանկապարտէզին մէջ հանգրուանային կերպով պիտի սկսի գործել ելեկտրոնային դպրոցը, որուն յաջողութեան համար պէտք է գոյանայ ծնողք-դպրոց առողջ եւ հետեւողական գործակցութիւն: Անդրադառնալով Մեսրոպեան վարժարանի 75-ամեակին` Կ. Գալուստ հաստատեց, որ դէպի 75-ամեակ առաջնորդուող վարժարանը կը մնայ երիտասարդ եւ միշտ կը վերանորոգուի` քայլ պահելով ժամանակակից պահանջներուն:

ՏԵՍՉԱԿԱՆ ԳՐԱՍԵՆԵԱԿ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ
ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )