ԷՆ. ՊԻ. ԷՅ.- ՄԱՎԸՐԻՔՍ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ԱԽՈՅԵԱՆ
Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցաւ Տալաս Մավըրիքս – Օքլահոմա Սիթի հինգերորդ ճակատումը:
Մավըրիքս, որ նախքան այս մրցումը 3-1 արդիւնքով կը յառաջանար իր մրցակիցին վրայ, 100-96 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով հանդիսացաւ Արեւմտեան շրջանի ախոյեան:
Յաղթական կազմին մարզիկներէն Շոն Մարիոն եւ Տըրք Նովիթցքի նշանակեցին 26-ական կէտ:
Ինչ կը վերաբերի Արեւելեան շրջանի աւարտականին, Մայեմի Հիթ, որ այսօր հիւրը պիտի ըլլայ Շիքակօ Պուլզի, այժմ 3-1 արդիւնքով կը յառաջանայ: Եթէ պատահի, որ այսօր Հիթ յաղթէ, երկու շրջաններու աւարտականի առաջին ճակատումը պիտի սկսի յառաջիկայ չորեքշաբթի օր, իսկ եթէ Պուլզ յաղթէ, անիկա պիտի սկսի ճիշդ շաբաթ մը ետք:
CATEGORIES Մարզական
