«Եւրոպական Խորհրդարանը Պաքուն Քննադատելու Իրաւունք Չունի» Կ՛ըսէ Ազրպէյճանի Խորհրդարանի Նախագահը

Ազրպէյճանի խորհրդարանի նախագահ Օքթայ Ասատով` անդրադառնալով Ազրպէյճանի վերաբերեալ Եւրոպական խորհրդարանին որդեգրած քննադատական բանաձեւին, յայտարարած է, որ «Եւրոպական խորհրդարանը Ազրպէյճանը քննադատելու իրաւունք չունի»:

«Ամէն անգամ, երբ Ազրպէյճան հերթական յաջողութեան կը հասնի, Եւրոպական խորհրդարանը Ազրպէյճանի դէմ ուղղուած բանաձեւ մը կ՛որդեգրէ», ըսած է Ասատով` աւելցնելով, որ «այսօր Ազրպէյճանի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ կառուցողական համագործակցութիւն տեղի կ՛ունենայ: Առաջին անգամ Եւրոպական խորհրդարանին եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանին միջեւ համագործակցութեան յանձնախումբ ստեղծուած է: Ազրպէյճան դարձած է Եւրանեսթի Խորհրդարանական վեհաժողովի աշխուժ մասնակիցը, որուն նպատակն է Եւրոպական խորհրդարանին եւ Ազրպէյճանի խորհրդարանին միջեւ համագործակցութիւնը զարգացնել: Սակայն հարցը առանց համագործակցութեան յանձնախումբին եւ Եւրանեսթի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ քննարկելու դրուած է քննարկման` Եւրոպական խորհրդարանին մէջ: Եւրոպական խորհրդարանի նպատակը Ազրպէյճանի վրայ ճնշում գործադրելն է»:

Յիշեցնենք, որ Եւրոպական խորհրդարանը 13 յունիսին որդեգրեց «Ազրպէյճան. Իլկար Մամետովի գործը» խորագիրով բանաձեւ մը, որուն մէջ կը դատապարտէր Ազրպէյճանի իշխանութիւնները` մարդու իրաւունքները ոտնահարելու համար: Եւրոպական Միութեան օրէնսդիր մարմինը այդ որոշումով Պաքուին կոչ կ՛ուղղէ անյապաղ ազատ արձակելու Պաքուի` Եւրոպական խորհուրդի հովանիին տակ գործող Քաղաքական հետազօտութիւններու դպրոցի տնօրէն, հոկտեմբեր 2013-ի նախագահական ընտրութեան մասնակցելու մտադրութիւն յայտնած Իլկար Մամետովը, ինչպէս նաեւ դադրեցնելու մամլոյ եւ տեղեկատուութեան այլ միջոցներու ազատութեան սահմանափակումը, յարգելու եւ երաշխաւորելու խօսքի, հաւաքներու ազատութեան իրաւունքը:

Մամետով ձերբակալուած էր փետրուար 2013-ի սկիզբը` Իսմայիլիի շրջանին մէջ 24 յունուարին տեղի ունեցած անկարգութիւններուն պատճառով:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES