«Աշխարհի Վրայ Գաղթականներու Թիւը Հասած Է 18 Տարուան Ընթացքին Առաւելագոյն Ցուցանիշին» Կ՛ըսէ ՄԱԿ

«Կազեթա», վկայակոչելով ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի 19 յունիսին հրապարակած զեկուցումը, կը հաղորդէ, որ աշխարհի վրայ իրենց տունը ստիպողաբար լքածներուն թիւը 2012-ին հասած է շուրջ 45.2 միլիոնի: Այս թիւը վերջին 18 տարուան ընթացքին առաւելագոյն ցուցանիշն է:

Ըստ ՄԱԿ-ի գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարութեան տուեալներուն, այսօր գաղթական կը նկատուի 15.4 միլիոն մարդ, 937 հազար մարդ ապաստան կը փնտռէ, իսկ 28.8 միլիոնն ալ ներքին տեղահանուած անձեր են: Միեւնոյն ժամանակ զեկուցումին մէջ հաշուի չեն առնուած Սուրիոյ բնակիչները, որոնք ստիպուած եղած են ընթացիկ տարուան մէջ իրենց երկիրը լքել:

Արձանագրուած աճին հիմնական պատճառը պատերազմն է. ինչպէս զեկուցումին մէջ կը նշուի, իրենց տուները լքածներուն 55 առ հարիւրը այն երկիրներէն է, ուր զինուորական գործողութիւններ տեղի կ՛ունենան, ինչպէս` Աֆղանիստան, Սոմալի, Իրաք, Սուրիա եւ Սուտան:

Գաղթականներու թիւով առաջին դիրքը, ինչպէս վերջին 32 տարիներուն, կը գրաւէ Աֆղանիստան: Ըստ ՄԱԿ-ի Գաղթականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարութեան, աշխարհի վրայ մօտաւորապէս ամէն չորրորդ գաղթականը ծնունդով Աֆղանիստանէն է:

Զարգացող երկիրները կը հիւրընկալեն գաղթականներուն մեծ մասը` 81 առ հարիւրը: 2012-ի տուեալներով` յառաջատարը Փաքիստանն է` 1.6 միլիոն մարդ, երկրորդը Իրանը` 868,200 մարդ, իսկ երրորդը Գերմանիան` 589,700 մարդ:

Զեկուցումը հրապարակուած է Գաղթականներու միջազգային օրուան նախօրեակին, որ կը նշուի  20 յունիսին:

Share this Article
CATEGORIES