Ըստ «Լը Ֆիկարօ»-ի Քաթարի Մէջ Իշխանութեան Փոխանցումը Կ՛արագանայ «Անձնական Եւ Քաղաքական» Պատճառներով

Ֆրանսական «Լը Ֆիկարօ» օրաթերթը իր շաբաթ օրուան թիւին մէջ հաղորդեց, որ Քաթարի իշխան Համատ Պըն Խալիֆա Ալ Թանի իշխանութիւնը իր 32-ամեայ որդիին` Թամիմին փոխանցելու հոլովոյթը կ՛արագացնէ «անձնական եւ քաղաքական» պատճառներով: Օրաթերթը կը նախատեսէ, որ այդ փոխանցումը տեղի ունենայ Ռամատանէն առաջ կամ այս շաբթուան ընթացքին:

Ըստ «Լը Ֆիկարօ»-ի, իշխանութեան փոխանցումը տեղի պիտի ունենայ երկու դիպաշարերու ճամբով: Առաջին պարագային ներկայ իշխանը եւ անոր հօրեղբօրորդին` վարչապետ Համատ պըն Ժասեմ կը հրաժարին, կամ Թամիմի կը վստահուի վարչապետի պաշտօնը, իսկ շէյխ Համատ քանի մը ամիսով կը մնայ գահին վրայ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Քաթարի իշխանին իշխանութենէն հրաժարման պատճառներուն շարքին է շաքարախտէ տառապիլը, ինչպէս նաեւ Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ Քաթարի դիմագրաւած վտանգները եւս ազդեցութիւն ունեցած են:

Քաթարի իշխանական տոհմին մտերիմ ֆրանսացի մը օրաթերթին ըսած է, որ անոնք «կը գիտակցին, որ արտաքին միջամտութեանց մակարդակը պէտք է նուազեցնեն»:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )