«Իրան Սուրիոյ Եւ Անոր Ժողովուրդին Վրայ Արտաքին Կամքի Պարտադրում Պիտի Չարտօնէ» Կ՛ըսէ Սալեհի

Մանսուր եւ Սալեհի

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Ալի Աքպար Սալեհի Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրի հետ Թեհրանի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Սուրիա արեւմտեան եւ արաբական երկիրներու կողմէ զինեալ խմբաւորումներու միջոցով մղուող համապարփակ պատերազմ մը կը դիմագրաւէ` աւելցնելով, որ Իրան Սուրիոյ եւ անոր ժողովուրդին վրայ արտաքին կամքի պարտադրում պիտի չարտօնէ:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ շուրջ «Ժընեւ-2» միջազգային խորհրդաժողովի գումարման, Սալեհի նշեց, որ «այդ ժողովին վերաբերեալ տակաւին վերջնական որոշում չէ տրուած»` աւելցնելով, որ կարգ մը երկիրներ անկեղծ եւ ուղղակի կերպով արտայայտուած են ի նպաստ Իրանի` այդ ժողովին մասնակցութեան, իսկ այլ պետութիւններ այդ մէկը անուղղակի կերպով կատարած են: Ան վստահեցուց, որ Իրան այդ ժողովին պիտի մասնակցի, եթէ զայն գումարելու համաձայնութիւն գոյանայ:

Պատասխանելով Սուրիոյ վարչակարգին աջակցութեան վերաբերող Իրանի քաղաքականութեան մասին հարցումի մը` Իրանի դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ «այս առումով Թեհրանի քաղաքականութիւնը յստակ է: Սուրիական տագնապին առաջին օրէն յայտնեցինք, որ սուրիացի ժողովուրդը անհրաժեշտ ազատութիւնները պէտք է ունենայ եւ կառավարութիւնը ժողովուրդին օրինական պահանջներուն պէտք է ընդառաջէ` ընդգծելով, որ Իրան սուրիական հարցին մէջ արտաքին միջամտութիւնները կը մերժէ»:

Ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ մէջ Հըզպալլայէն ուժերու ներկայութեան, Սալեհի ըսաւ, որ «Հըզպալլայի մեր եղբայրները ինքնապաշտպանութեան կը դիմեն եւ անոնք պէտք չունին ուրիշներու կողմէ պաշտպանուելու»:

Խօսելով սուրիական ընդդիմութիւնը զինելու ծրագիրին մասին` Իրանի արտաքին գործոց նախարարը ըսաւ, որ «օտարազգի վարձկանները զինելը Սուրիոյ տագնապի երկարաձգման եւ արիւնահեղութեան շարունակման կ՛առաջնորդէ»:

Քերրի. «Ուաշինկթըն Պիտի Աջակցի
Սուրիոյ Ընդդիմութեան` Ուժերու
Հաւասարակշռութիւնը Փոխելու Համար»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի «Սուրիոյ բարեկամներու խմբակ»-ի ժողովին ընթացքին յայտարարած է, որ Սուրիոյ ընդդիմութեան կողմնակիցները պիտի մեծցնեն սուրիական ընդդիմութեան զինուորական եւ այլ օգնութեանց տրամադրումը, որպէսզի փոխեն հակամարտող ուժերու հաւասարակշռութիւնը:

«Միացեալ Նահանգներ եւ այլ պետութիւններ, որոնք այստեղ ներկայ են, իւրաքանչիւրը պիտի ընտրէ իր մօտեցումը` մեծցնելու զինեալ եւ քաղաքական ընդդիմութեան տրամադրուող օգնութիւնը», յայտարարած է Քերրի` աւելցնելով, որ իր երկիրը խնդիրի «զինուորական լուծում» չի ցանկար, սակայն կը կարծէ, որ ընդդիմադիրները աջակցութեան կարիք ունին:

Քաթարի վարչապետ շէյխ Համատ պըն Ժասեմ Ալ Թանի իր կարգին յայտարարեց, որ սուրիական ընդդիմութեան զէնք մատակարարելը սուրիական տագնապի լուծման միակ ճամբան է:

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ իր կարգին յայտարարեց, որ «առաջնահերթութիւնը զինուորական ճնշումն է եւ առանց ատոր կարելի չէ քաղաքական լուծումի հասնիլ»` նշելով, որ «Ժընեւ-2»-ը պիտի ըլլայ խումբ մը երկիրներու համար, որոնք «Սուրիոյ ապագան կ՛երաշխաւորեն, եւ ժողովը պիտի գումարուի, երբ լուծումը պատրաստ ըլլայ»:

Ռուս–Ամերիկեան Դիւանագիտական
Լարուածութիւն

«Քոմերսանթ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի յայտնած է, որ Սուրիոյ վարչակարգին Մոսկուայի ցուցաբերած աջակցութեան պատճառով է, որ սուրիացի ապստամբները աշխուժացած են: Աւելի՛ն, Քերրի ըսած է, որ Ռուսիա պէտք էր իր վրայ վերցնէր Սուրիոյ մէջ կատարուողին համար մեղքին մէկ մասը: Ան նշած է, որ ռուսական զէնքի Սուրիոյ կառավարութեան մատակարարումը մեծապէս կը մտահոգէ Միացեալ Նահանգները եւ Սուրիոյ կառավարութիւնը Ռուսիոյ օգնութեամբ այժմ իր սեփական ժողովուրդին դէմ կը պատերազմի:

Աղբիւրը կը նշէ, որ Ութերու խմբակի վեհաժողովին ընթացքին Օպամա եւ Փութին ոչ միայն կ՛աշխատէին Սուրիոյ հարցով կտրուկ յայտարարութիւններ չկատարել, այլ նաեւ կարծես  մինչեւ իսկ կը վախնային միասին նոյն տարածքին մէջ գտնուիլ:

«Քոմերսանթ» կը նշէ նաեւ, որ թերեւս պատահական չէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը Ռուսիան ներառած է այն երկիրներուն շարքին, ուր մարդոց առեւտուր կայ եւ որոնց դէմ պէտք է պատժամիջոցներ որդեգրել:

 

 

Share this Article
CATEGORIES