Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան փոխնախագահ Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ իրենք համաձայն գտնուած են կառավարութեան պաշտօնավարութեան երկարաձգումին եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն յետաձգումին` երկրին ապահովական ապակայունութեան պատճառով:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Արիտի հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական հիմնական ուժերը պէտք է մասնակցին կառավարութեան, որպէսզի անիկա կարենայ գործել:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ինք վարչապետ Թամմամ Սալամի համար ոչ մէկ շահ կը տեսնէ լիբանանեան այս կամ այն քաղաքական կողմը կառավարութենէն հեռու պահելը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուար Սահիլի կոչ ուղղեց կազմելու քաղաքական կառավարութիւն մը, որուն մէջ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կը տրուի կառավարութեան որոշումները արգելակելու մէկ երրորդը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ շեշտեց, որ Լիբանան կ՛ապրի ծայրայեղութեան հանգրուան մը` աւելցնելով, որ այդ հանգրուանը կա՛մ կարելի կ՛ըլլայ շրջանցել եւ կա՛մ ձախողութիւն կ՛արձանագրուի եւ Լիբանան փորձութեան կ՛ենթարկուի:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Ուալիտ Տաուք մամլոյ սենտիքայի նախագահ Մոհամետ Պաալպեքիի հետ քննարկեց տեղեկատուութեան մարզը յուզող շարք մը հարցեր:

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ մէջ անձնական հարցի մը շրջագիծին մէջ սպաննուեցաւ յորդանանցի մը:

ՍԱՀՄԱՆԱԴՐԱԿԱՆ խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Իսամ Սլէյման յայտնեց, որ երկրին դիմագրաւած ամէնէն վտանգաւոր հարցը Սահմանադրական խորհուրդի անդամ%

Share this Article
CATEGORIES