Հաշեմ Սալմանի Սպանութեան Վայրին Մէջ Ծաղիկներու Զետեղում

Լիբանանեան պատկանելիութիւն կուսակցութեան ղեկավար Ահմետ Ասաատ եւ անոր հետեւորդներէն շուրջ երկու տասնեակ անձեր երէկ կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Պէյրութի իրանեան դեսպանատան շրջակայքը կատարեցին նստացոյց մը, որուն ընթացքին անոնք ծաղիկներ զետեղեցին, աղօթեցին եւ լիբանանեան դրօշ բարձրացուցին կուսակցութեան ուսանողական թեւի պատասխանատու Հաշեմ Սալմանի սպանութեան վայրին մէջ:

Սալմանի սպանութենէն երկու շաբաթ ետք Ասաատ յայտնեց, որ Հաշեմ Սալման ամբողջ Լիբանանի նահատակն է եւ ան նահատակուած է ազատութեան ի խնդիր:

Ասաատ պահանջեց պատասխանատուութեան կանչել եւ պատժել յանցագործները:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )