Պաաս Կուսակցութեան Շթորա-Ժլալա Շրջանի Կեդրոնին Դիմաց Բացայայտուեցաւ Ական Մը
Լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը երէկ Պաաս կուսակցութեան Շթորա-Ժլալա շրջանի կեդրոնին դիմաց բացայայտեց ական մը, որ զետեղուած էր խաւաքարտէ տուփի մը մէջ:
Ականը կը կշռէր մէկ քիլոկրամ եւ լարուած էր հեռուէն պայթեցուելու դրութեամբ:
Բանակի սակրաւորները վնասազերծեցին ականը, իսկ այս հարցին մասին հետաքննութիւն բացուեցաւ:
Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըր երէկ յայտնեց, որ Ժլալայի մէջ զետեղուած ականը մաս կը կազմէ Լիբանանին եւ Դիմադրութեան զօրակցող ուժերուն դէմ նիւթուող սադրանքներուն:
Շքըր նշեց, որ ականի զետեղումը կարելի չէ տարբեր նկատել երկու շէյխեր Ապտել Ռազզաքի եւ Պրայտիի դէմ արձակուած կրակոցներէն, ինչպէս նաեւ շէյխ Մահեր Համմուտի մահափորձէն:
Շքըր յայտնեց, որ ականին զետեղումը ուղղակիօրէն կապուած է Սուրիոյ իրադարձութիւններուն եւ ըսաւ. «Ո՛վ որ Իսրայէլէն չի վախնար, նման գաճաճներէ պիտի չսարսափի»:

