Մանսուր Ուղղուեցաւ Թեհրան
Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Ատնան Մանսուր շաբաթավերջին ուղղուեցաւ Թեհրան, ուր հանդիպում մը ունեցաւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Ալի Աքպար Սալեհիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները, շրջանային զարգացումներն ու ստեղծուած զգայնութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տագնապին հաւանական լուծումը, որ պէտք է ապահովուի Սուրիոյ կառավարութեան եւ սուրիական ընդդիմութեան միջեւ երկխօսութեամբ:
Սալեհի ողջունեց Լիբանանը եւ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն մաղթեց, որ անոնք գիտակցին Սուրիոյ զարգացումներուն վտանգին եւ չներքաշուին զինեալ բախումներու մէջ:
Սալեհի հաստատեց, որ Թեհրան կը զօրակցի Լիբանանի ապահովական կայունութեան:
Իր կարգին, Մանսուր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանի եւ Իրանի միջեւ գործակցութիւնը ամրապնդել` երկկողմանի շահեր ապահովելու համար:
Մանսուր յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին հետեւանքները պիտի հասնին բոլորին, մինչեւ իսկ Լիբանանի, «հետեւաբար կոչ կ՛ուղղենք բոլոր կողմերուն վերջ տալու բռնարարքներուն եւ սկսելու քաղաքական լուծման», ըսաւ Մանսուր:
Նշենք, որ Մանսուր հանդիպումներ պիտի ունենայ նաեւ իրանցի բարձրաստիճան այլ պատասխանատուներու հետ:

