ՃԱՏՐԱԿ. ՆԱԽԿԻՆ ԽՈՐՀՐԴԱՅԻՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒ ՄՐՑԱՇԱՐՔ. ԴԱՒԻԹ ՄԱԹԷՈՍԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՑԱՒ ԱՌԱՋԻՆ

Դաւիթ Մաթէոսեան (լուսանկարին կեդրոնը` բաժակը ձեռքին)

Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներուն, անոնց ակումբին մէջ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ճատրակի մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 40 երկսեռ ճատրակ խաղացողներ:

Այս մրցաշարքին հայերուն մասնակցութիւնը եղաւ շատ քիչ (երկու մասնակցող)` նկատի ունենալով, որ նոյն օրը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ԼԵՎԱՄ-ի 2010-2011 տարեշրջանի փակման հանդիսութիւնը:

12 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ Դաւիթ Մաթէոսեան հանդիսացաւ առաջին:

Share this Article
CATEGORIES