ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԱԿՈՒՄԲՆԵՐՈՒ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼԻ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՇԱՆՎԻԼԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԽՍՏԻՒ ՔՆՆԱԴԱՏԵՑ ՄՐՑԱՇԱՐՔԻՆ ԿՈՂՄՆԱԿԱԼ ԻՐԱՒԱՐԱՐՆԵՐԸ

Իր հրապարակած մամլոյ հաղորդագրութեան մէջ Շանվիլ ակումբին նախագահ Էլի Ֆարհաթ խստիւ քննադատեց Արաբական ակումբներու պասքեթպոլի 24-րդ ախոյեանութեան կողմնակալ իրաւարարները, որոնց պատճառով, լիբանանեան կազմը զրկուեցաւ աւարտականի իր տոմսը ապահովելէ:

Ան ըսաւ, որ Շարիքայի դէմ (Ա. Մ. Էմիրութիւններ) տեղի ունեցած կիսաւարտականի մրցումին, թունուզցի իրաւարարը, ինչպէս նաեւ սէուտցի երկու իրաւարարները իրենց կողմնակալութեան պատճառով մեծապէս օժանդակեցին Շարիքայի, որպէսզի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:

Իր խօսքին վերջին բաժինին մէջ, Ֆարհաթ կոչ ուղղեց Արաբական պասքեթպոլի ֆետերասիոնին` յառաջիկային արգիլելու նմանօրինակ դիտումնաւոր սխալներու կրկնութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES