ՀՈՒՆԳԱՐԱՑԻ ՔԱՍԱՅ` «ՉԵՄՓԻԸՆԶ ԼԻԿ»Ի ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՄՐՑՈՒՄԻՆ ԻՐԱՒԱՐԱՐԸ

Քասայ

Եու. Է. Էֆ. Ա.ն երէկ պաշտօնական հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտարարեց, որ շաբաթ, 28 մայիսին, «Ուեմպլի»ի մարզադաշտին վրայ տեղի ունենալիք «Չեմփիընզ Լիկ»ի ֆութպոլի մրցաշարքի աւարտական մրցումին իրաւարարը պիտի ըլլայ հունգարացի Վիքթոր Քասայ:

2001-ի իրաւարարի իր արհեստավարժ ասպարէզը սկսած 35 տարեկան փորձառու իրաւարար Քասայ աւելի քան 60 անգամ Եու. Է. Էֆ. Ա.ի կողմէ իրաւարար նշանակուած է կարեւոր մրցումներու ընթացքին:

Այս տարեշրջանին նոյն այս մրցաշարքին գծով ան Վալենսիա – Մանչեսթըր Եունայթըտ մրցումին իրաւարարն էր. մրցումին ընթացքին անգլիական կազմը 1-0 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրեց:

Քասայ, որ իրեն օգնական (կողմի իրաւարար) պիտի ունենայ իր ազգակիցները` Կապոր Էրոս եւ Կիորկի Ռինկ, 2010-ի Մոնտիալին չորս անգամ մրցում սուլած է:

Share this Article
CATEGORIES