ՔԱՐԹԻՆԿ. ԼԻԲԱՆԱՆԻԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԻՒՆ. ՇԱԲԱԹ, 28 ՄԱՅԻՍԻՆ` Ա. ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԸ

Կազմակերպութեամբ Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ին, շաբաթ, 28 մայիսին փիթ սթափի (Զուք) վազքուղիին վրայ տեղի պիտի ունենայ Լիբանանի քարթինկի այս տարեշրջանի ախոյեանութեան Ա. հանգրուանի մրցումը` ժամը 13:30-էն սկսեալ:

Տեղի պիտի ունենան երեք դասակարգի մրցումներ` 7-էն 9, 9-էն 12 եւ 12-էն 14 տարեկան դասակարգերուն մէջ:

Կազմակերպիչ յանձնախումբին պատասխանատուները յայտարարեցին, որ արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է ուրբաթ, 27 մայիսի յետմիջօրէի ժամը 16:00, Ա. Թէ. Սէ. Էլ.ի կեդրոնատեղիին մէջ (Քասլիք):

 

Share this Article
CATEGORIES