ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒ. ԻՏԱԼԻՈՅ ՇՐՋԱՎԱԶՔ. ԻՏԱԼԱՑԻ ԷՐՈՍ ՏԻՐԱՑԱՒ 18-ՐԴ ՀԱՆԳՐՈՒԱՆԻ ՄՐՑՈՒՄԻՆ

Երէկ տեղի ունեցաւ Իտալիոյ հեծելարշաւի շրջավազքի 17-րդ հանգրուանի մրցումը: Անիկա աւարտեցաւ իտալացի Էրոս Քափեքիի յաղթանակով (լիքուիկազ). վերջինս ժամանման գիծ հասաւ արձանագրելէ ետք 3 ժամ 20 վայրկեան եւ 38″ արդիւնք մը: Անոր նման նոյն արդիւնքը արձանագրեցին Մարքօ Փինոթթի (Իտալիա) եւ Քեւին Սիլտրայերս (Պելճիքա), որոնք յաջորդաբար գրաւեցին երկրորդ եւ երրորդ դիրքերը:

Նշենք, որ երէկուան հանգրուանը տեղի ունեցաւ Մորպեկնոյէն Սան Փելեկրինօ Թերմէ (151 քմ):

Ընդհանուր դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Ալպերթօ Քոնթատոր Վելասքօ (Սպանիա, Սաքսօպանք), որ արձանագրած է 71 ժամ 45′ 09″ արդիւնք մը: Երկրորդ դիրքը 4′ 58″ ուշացումով կը գրաւէ Միշել Սքարփոնի (Իտալիա, Լամփրէ):

 

 

Share this Article
CATEGORIES