ՀՅԴ Պատգամաւորական Խմբակցութիւնը Կը Ներկայացնէ Ազգային Ժողովի Գարնանային Նստաշրջանին Ամփոփումը

Արմէն Ռուստամեան

Ամփոփելով Հայաստանի Ազգային ժողովի գարնանային նստաշրջանը` Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ գարնանային նստաշրջանը անցաւ յարափոփոխ իրավիճակներով:

«Ընդդիմութիւնը փորձեց լիարժէքօրէն օգտագործել կանոնակարգ օրէնքով իրեն տրուած լիազօրութիւնները: Հիմնական խնդիրը պիւտճէի հաշուետուութիւնն էր, նաեւ կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրը, որոնց վերաբերեալ մենք` իբրեւ ընդդիմութիւն, յայտնած ենք մեր մտահոգութիւնները եւ գնահատականները: Կառավարութիւնը հետեւութիւններ չէ կատարած: Կառավարութիւնը չի փոխուիր, հակառակ այն բանին, որ կ՛արտայայտուին յստակ մտահոգութիւններ ստեղծուած ծանր ընկերային-տնտեսական իրավիճակին վերաբերեալ», ըսաւ ան:

ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը նշեց, որ իրենք իրենց գործունէութիւնը իրականացուցած են ՀՅԴ-ի հռչակած եօթը կէտերուն հիման վրայ: «Կէտեր, որոնք տարբեր ուղղութիւններով կ՛ենթադրէին կողմնորոշել, ուղղորդել խմբակցութեան գործունէութիւնը: Ատոր հետ կապուած կատարուած են օրէնսդրական նախաձեռնութիւններ, օրէնքներու մէջ փոփոխութիւններ, անոնց զգալի մէկ մասը ընդունուած է, ոչ պակաս մասն ալ մերժուած է: Ընդունուածներէն ես կարեւոր կը նկատեմ այն, որ մեր սահմանամերձ գօտիները ամրացնելու համար, որոշուեցաւ արտօնութիւններ տրամադրել սահմանամերձ գօտիներու դիմորդներուն», ըսաւ ան:

Արմէն Ռուստամեան այս բոլորէն հետեւութիւն կը հանէ, որ ճգնաժամը համակարգային է, եւ եթէ լուրջ համակարգային փոփոխութիւններ տեղի չունենան, ուրեմն լուրջ ակնկալիքներ ունենալ չեն կրնար:

«Մենք մեր գործունէութիւնը պիտի շարունակենք ոչ թէ քննադատելու, այլ առաջարկներ ներկայացնելու տրամաբանութեամբ», ըսաւ Ա. Ռուստամեան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )