«Վատիկանի Պաշտօնատարները Հայոց Ցեղասպանութիւնը Պաշտօնապէս Ճանչնալու Որեւէ Ցուցանիշ Չտուին» Կ՛ըսէ Վատիկանի Մէջ Թուրքիոյ Դեսպանը
Վատիկանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Քենան Կիւրսոյ երէկ «Սանտէյզ Զաման» օրաթերթին յայտնեց, որ Վատիկանի պաշտօնատարները Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալու որեւէ ցուցանիշ չտուին, հակառակ անոր որ հայկական սփիւռքը ամբողջ աշխարհի տարածքին աշխատանք կը տանի 2015-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով անոր ճանաչումը ապահովելու:
«Թուտէյզ Զաման» կը հաղորդէ, որ «հայկական հարցի» մասնագէտ եւ Պուրսայի Ուլուտաղ համալսարանին մէջ միջազգային յարաբերութեանց դասախօս Պարըշ Էօզտալ յայտնած է, որ ներկայ զգայուն ժամանակաշրջանին Վատիկանի չէզոք դիրքորոշումը կրնայ ըլլալ իր պատմական արխիւները բանալ, ինչ որ իրողութիւնները աւելի լաւ հասկնալու առիթ մը կրնայ ընծայել:
«Այդ պարագային, Թուրքիա կրնայ տագնապը վերածել առիթի մը` իրողութեանց աւելի լաւ ծանօթանալու համար», ըսաւ ան:
CATEGORIES Հայկական

