Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20
Բարեկամի մը օգնելը անշուշտ լաւ է որոշ պարագաներու, բայց երբ կը կրկնուի օգնութեան առաջարկը, այդ կը նշանակէ` ձանձրոյթ ստեղծել եւ խրտչեցնել միշտ նկատի առէք չափաւորութիւնը:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Անհաճոյ լուր մը պիտի լսէք ձեր ասպարէզին վերաբերեալ: Պիտի ստիպուիք վերսկսիլ նոր աշխատանք մը, որպէսզի գոցէք եղած բացը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Անձ մը չարամիտ կեցուածք պիտի ունենայ ձեր նկատմամբ: Ան պիտի փորձէ հաւատացնել ձեզ սուտ տեղեկութիւն մը: Ուշադիր եղէք եւ մի՛ խաբուիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դարձեալ յոռետեսութեամբ տարուած էք, ինչ որ անիմաստ է: Մտիկ ըրէք ձեր բարեկամին խօսքերը, որով կրնաք ապահով ըլլալ, թէ ձեր մտածումը ճիշդ չէ: Դուք ձեզ ամուր պահեցէք, մի՛ տկարանաք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեր պաշտօնակիցներէն շատ բան մի՛ պահանջէք, որպէսզի անհամ կացութիւն չստեղծուի ձեր միջեւ: Բարեացակամ լեզուով ըսէք ձեր ըսելիքը:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Կազմակերպուածութեան եւ պարտաւորեցնող կեցուածքի մը պակասին պատճառով կրնաք ունենալ դժուարութիւն մը կամ անհաճոյ տրամադրութիւն: Ուշադիր եղէք օրուան անցուդարձերուն նկատմամ:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մարզանքի վերաբերեալ ձեր մէկ ջանքը շատ օգտակար ընթացք մը պիտի ունենայ: Անգամ մը որ սկսիք, թափ կ՛առնէ վարժութիւնը, եւ շատ կ՛օգտուիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Դժուարին օր մը` աշխատանքի եւ ընտանիքի վերաբերեալ: Դուք ձեզ հանդարտ պահեցէք, միջամուխ մի՛ ըլլաք տարբեր հարցերու, կը փրկուիք տաղտուկէն: Կարեւորը շրջահայեաց ըլլալն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Տեսակցութեան մը ընթացքին ձեր միտքը թող ըլլայ յստակ եւ արդար: Թոյլ տուէք, որ ձեր խօսակիցը արտայայտուի, եւ դուք եղէք լաւ լսող մը: Յարգեցէք նաեւ իր տեսակէտը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր գործերը կրնան խանգարում մը ունենալ եւ ձեր որոշածը ուշանալ իրագործուելու: Մի՛ շփոթիք, հարցը թեթեւի առէք, հանդարտութեամբ կարգադրեցէք հարցերը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Շատ ապահով զգալը կամ աւելորդ ինքնավստահութիւնը` ձեր ունեցածին կապակցութեամբ, վնասակար անդրադարձ մը կրնայ ունենալ: Ո՞ւր կը մնայ այն ատեն համեստութիւնը:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Դիւանագիտութեամբ պիտի վարուիք ձեր շուրջիններուն հետ: Ձգեցէք, որ ամէն ինչ դառնայ ինքն իր վրայ:

