50 Տարի Առաջ
Ամերիկեան Համալսարանի
Հայ Շրջանաւարտները
Երէկ` երկուշաբթի, 24 յունիս, տեղի ունեցաւ Պէյրութի ամերիկեան համալսարանի վկայականաց բաշխման հանդէսը: Վկայական ստացան հետեւեալ հայերը` զանազան ճիւղերէ:
Առեւտրական բաժին.- Թորոս Տէօրտիւլեան, Հասրաթ Կապրիմարեան, Գէորգ Քեպապճեան, Սոնիա Գույումճեան, Պերճ Մամալեան, Արամ Սարհատեան:
Արուեստից պսակաւոր.- Ռոզ-Մարի Յակոբեան, Սիլվա Պապայեան, Անահիտ Պետրոսեան, Արմինէ Տեմիրճեան, Զարուհի Ճինկէօզեան, Նինա Ճիտեճեան, Մանուէլ Ճինպաշեան, Լիւսի Գարաճըրճեան, Էլիզա Քեքեճեան, Ճոն Խանճեան, Յակոբ Լուսարարեան, Քլոտ Նաքքաշեան, Յովհաննէս Փիլիկեան:
Գիտութեանց պսակաւոր.- Արմենակ Պաղտոյեան, Մկրտիչ Պալապանեան, Ալեք Պեզ ճեան, Թորոս Չաղլասեան, Սուրէն Չագմագճեան, Հրայր Կարապետեան, Մարտիրոս Ճանճանեան, Ատրինէ Գալայճեան, Յովհաննէս Գարագաշեան, Հերմինէ Լօշխաճեան, Տիգրան Մալաթճալեան, Պերճուհի Սարգիսեան, Ժիրայր Երէցեան:
Արուեստից վարպետ.- Լեւոն Պետիրեան:
Գիտութեանց վարպետ.- Ագնէս Անդրէասեան, Լիլի Յակոբեան, Արփի Եղիայեան:
Գիւղատնտեսութեան վկայական ստացան` Մանուէլ Մանուէլեան, Սարգիս Մարկոսեան, Գառնիկ Օճախեան, Լեւոն Եկանեանց:
Ճարտարապետ.- Մկրտիչ Պուլտուգեան:
Երկրաչափներ.- Հրայր Աւետեան, Արա Պալեան, Հանրի Պարտագճեան, Պօղոս Քոշիրեան, Գառնիկ Գույումճեան, Ճորճ Լոշխաճեան, Ճորճ Եղիայեան, Կրոսի Զաքարեան:
Հիւանդապահուհիներ.- Սալբի Կանիմեան, Հռիփսիմէ Գասապեան, Քնարիկ Քէօսէեան, Սիրարփի Խալարեան, Լորա Խանճեան, Արտեմիս Մալճեան, Յասմիկ Օֆլազեան, Շնորհիկ Րագուպեան, Վրէժուհի Թաշճեան, Շէյք Քեթեֆեան:
Դեղագործներ.- Քրիստափոր Յակոբեան, Յակոբ Թահթապուրունեան, Պէաթրիս Զէքեան:
Բժիշկներ.- Սահակ Պաղտասարեան, Զաւէն Չագմագճեան, Վազգէն Տէր Գալուստեան, Պերճ Կէյիկեան, Մկրտիչ Սոսոյեան, Ճոն Կիրակոսեան:
Հայկական Կեանք
Ընկ. Հրաչ Փափազեանի
Դամբարանի Բացումը
Անցած կիրակի, 23 յունիս, առաւօտեան ժամը 11:00-ին Պէյրութի Ազգային գերեզմանատան մէջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր արարողութիւն` հանգուցեալ ընկ. Հրաչ Փափազեանի դամբարանի բացման առթիւ, ընկերներու եւ բարեկամներու հոծ բազմութեան մը ներկայութեան:
Արարողութիւնը, որ կը զուգադիպէր մեծանուն ընկերոջ մահուան երրորդ տարելիցին, շատ տպաւորիչ կերպով տեղի ունեցաւ` անգամ մը եւս ոգեկոչելով յիշատակը վեթերան դաշնակցականին, որ տասնամեակներ ամբողջ անձնուրաց նուիրումով մը ծառայեց հայ ժողովուրդին եւ իր պատկանած կուսակցութեան:
Հոգեհանգստեան պաշտամունքէն ետք, զոր կատարեց Խորէն Ա. քահանայ Աճեմեան, խօսք առաւ բանաստեղծ Մ. Իշխան եւ դրուատեց վեթերան ընկերոջ բազմարդիւն գործունէութիւնը` շեշտելով, որ Ֆըրն Շըպպեքի ազգային գերեզմանատունը դարձած է վեթերաններու պանթէոն մը, ուր Հրաչ Փափազեանի կողքին, կը հանգչին մեծանուն հայեր` Աղբալեան, Շանթ, Իփէկեան, Հայր Աբրահամ եւ ուրիշներ:
Այնուհետեւ, ընկերներն ու համակիրները ցաւակցութիւն յայտնեցին ընկ. Փափազեանի այրիին եւ տղուն ու բաժնուեցան իրենց հետ տանելով հանգուցեալին քաղցր յիշատակը:
Ընկ. Ա. Սեդրակեան Աթէնքի Մէջ
«Ազատ օր»ի մէջ (11 յունիս) կը կարդանք.-
Այսօր դէպի Լոնտոն մեկնեցաւ ընկեր Արփաքսատ Սեդրակեան, որ Աթէնք եկած էր` իբրեւ Չամիչի ամերիկեան պատուիրակութեան պետ մասնակցելու Մ. Նահանգներու, Յունաստանի, Թուրքիոյ, Աւստրալիոյ եւ Պարսկաստանի միջեւ չամիչի սպառման, գինի պահպանման եւ այլ հարցերու շուրջ տեղի ունենալիք խորհրդաժողովին:
Ընկեր Սեդրակեան խորհրդաժողովի աշխատանքներու ընթացքին շատ կարեւոր դեր կատարեց եւ գլխաւորաբար իր հաշտարար ճիգերուն շնորհիւ` խորհրդաժողովը յաջող աւարտ մը ունեցաւ:
Ընկեր Սեդրակեան երէկ երկուշաբթի, այցելեց իր քրոջ` բարերարուհի Սոֆիա Յակոբեանին նուիրատուութեամբ կառուցուած Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան վարժարանը` ընկերակցութեամբ թեմակալ առաջնորդ Սահակ եպս. Այվազեանի եւ Ազգային կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Ներսէս Յակոբեանի:

