Նշմար. Յոյսի «Ծաղիկ»-ները
Ուսումնական տարուան աւարտին հայ դպրոցը անգամ մը եւս եկաւ փաստելու իր անփոխարինելի ներկայութիւնը լիբանանահայ կեանքին մէջ: Անտեսելով տարուան բոլոր դժուարութիւնները, անակնկալներն ու խոչընդոտները` հայ վարժարանը երբեք չթերացաւ իր առաքելութեան մէջ եւ չհեռացաւ իր առաքելութենէն ու սկզբունքներէն:
Տակաւին յիշողութեանս մէջ թարմ է Ազգային Սուրէն Խանամիրեան քոլեճի մանկապարտէզի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը: Մէկական ծաղիկներ բոլորեցին Ծաղիկ դասարանի ծրագիրը ու բարձրացան բեմ` ներկաներուն հրամցնելով գեղեցիկ ու հաճելի հանդէս մը: Երգ, պար, թատրոն, ծափահարութիւն, երազ, հեքիաթ, երեւակայութիւն, արժէքներ, սկզբունքներ ու շատ աւելին` զարդարեցին օրուան յայտագիրը: Այս բոլորը հրամցուեցան բազմաթիւ ներկաներուն, որոնց ժպիտները չանհետացան ու ծափահարութիւնները չլռեցին:
Այս բոլորէն վեր ու անդին, Խանամիրեան վարժարանի մանուկները ներկաներուն ներշնչեցին յոյս.
Յոյս` վստահելու հայ դպրոցին.
Յոյս` վստահելու հայ ուսուցիչին.
Յոյս` վստահելու նոր սերունդին:
Խանամիրեանի տնօրէնութիւնը եկաւ յիշեցնելու, որ հայկական վարժարանը քար քարի վրայ դրուած կառոյց մը չէ, այլ` ազգային դաստիարակութեամբ պարսպապատուած ուսումնական բերդ մը:
Աւելի’ն. հայ ուսուցիչը պաշտօնեայ մը չէ, այլ` ազգային ծառայող: Ան նուիրուած է իր գործին, հաստատութեան ու աշակերտներուն: Ընտանիքի կողքին, հայ դպրոցը ընդհանրապէս, եւ հայ ուսուցիչը յատկապէս, մեծ դեր ունին խաղալիք հայ աշակերտին նկարագիրին կազմաւորման մէջ:
Հետաքրքրական էր տեսնել, որ մանկապարտէզի բոլոր ուսուցիչները (նոյնիսկ տնօրէնուհին) շրջանաւարտներ են Ազգային Սուրէն Խանամիրեան վարժարանէն եւ ահա վերադարձած են իրենց պարտքը տալու` պատրաստելով հայ ազգի ապագայ ղեկավարները:
Հայ դպրոցին մեծագոյն պարտականութիւնն է երաշխաւորել հայութեան գոյատեւումը: Խանամիրեանի տնօրէնութիւնը եւ խնամակալութիւնը ոչինչ կը խնայեն այդ նպատակին ի խնդիր:
Վարձքդ կատա՛ր, հայ վարժարան, հայ ուսուցիչ ու հայ ծնողք: Ձեր ճանապարհը տակաւին երկար է: Վստահ ենք, որ հաւատարիմ պիտի մնաք ձեր ինքնութեան: Կոչ բոլորին` վստահութիւն ունենալու հայ վարժարանին: Ինչպէս որ այսօր խանամիրեանականներ եկած են իրենց պարտքը կատարելու իրենց դպրոցին նկատմամբ եւ խանամիրեանականներու նոր սերունդներ պատրաստելու, իւրաքանչիւր հայու պարտքն է տէր ու պահապան կանգնիլ զինք դաստիարակած եւ կազմաւորած հայկական վարժարանին:
Չմոռնանք մեր պարտքը, միշտ ըլլանք երախտապարտ:
ՀԱՆԴԻՍԱՏԵՍ ՄԸ

