Ամառնային Ուսանողական Խաղեր. Քազան. Հայաստան Կը Մասնակցի 4 Կռփամարտիկով
PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կը հաղորդէ, որ 6-17 յուլիսին Քազանի մէջ (Ռուսիա) տեղի ունենալիք ամառնային ուսանողական խաղերուն Հայաստան կը մասնակցի 4 կռփամարտիկով:
Այդ մասնակցողներն են` Կորիւն Սողոմոնեան (49 քկ), Հենրիխ Մոքոյեան (56 քկ), Սամուէլ Բաղդասարեան (60 քկ) եւ Արթուր Քիրաճեան (64 քկ):
Հայաստանի հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Կարէն Աղամալեան իր ունեցած մէկ յայտարարութեան ընթացքին ըսաւ, որ մինչեւ մրցաշարքին սկսիլը, պիտի աշխատին լաւ մարզավիճակի հասնիլ եւ պայքարիլ` բարձր դիրքերու համար:
Ներկայիս Հայաստանի հաւաքականը իր ամէնօրեայ մարզումները կը կատարէ Երեւանի ողիմպիական պետական մարզական համալսարանին մէջ:
CATEGORIES Մարզական

