Հայկ Իշխանեան Վերադարձաւ Միքա
Իմփուլսի ֆութպոլիստ Հայկ Իշխանեան վերադարձաւ իր նախկին խումբին` Միքային, շաբաթավերջին յայտնեց երեւանեան ակումբին պաշտօնական կայքէջը:
24 տարեկան յետսապահը մէկ տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց Հայաստանի փոխախոյեանին հետ: Ան 2009-2011-ին մաս կազմեց Միքային, ապա 2012-ին միացաւ Իմփուլսի: Սակայն վերջինիս սնանկացումէն ետք վերադարձաւ իր նախկին խումբին: Ան Միքայի հետ կատարած է ընդամէնը 36 մրցում:
Այլ գետնի վրայ, զօրացնելով իր շարքերը, ինչ կը վերաբերի նոր տարեշրջանին, անիկա պայմանագրութիւն կնքեց երիտասարդ երկու միջնապահներու` Վլատիմիր Ուլուխանեանի եւ Արթուր Յակոբեանի հետ:
Միքա երեք տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց 17 տարեկան Ուլուխանեանի հետ, որ ըլլալով խումբի կրտսերներու մարզիկ, երկու առիթով մաս կազմած է հիմնական կազմին:
Իսկ երկու տարուան պայմանագրութիւն մը կնքուեցաւ 19 տարեկան Յակոբեանի հետ, որ անցեալ տարի տեսնուած էր Ալաշկերտի հետ (նախապէս` Բանանց):

