Անժի Հետաքրքրուած` Արազ Օզպիլիսով
ArmFootball.com կայքէջը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պրոնզէ մետալակիր Անժի աշխատանք կը տանի իր կազմին միացնելու Քուպանի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին մաս կազմող միջնապահ Արազ Օզպիլիսը:
Խումբին հոլանտացի մարզիչը` Կուս Հիտինք, որ միշտ կը փորձէր իր կազմին միացնել 23 տարեկան միջնապահը, այժմ աւելի այդ ուղղութեամբ կ՛աշխատի, մանաւանդ որ ան տարեշրջան մը եւս որոշեց մնալ խումբին հետ:
Նշենք, որ ներկայիս Օզպիլիս իր խմբակիցներուն հետ Աւստրիոյ մէջ ուսումնամարզական հաւաքի մը կը մասնակցի:
Օգոստոս 2012-ին Այաքս Ամսթերտամէն Քուպանի միացած Օզպիլիս մինչեւ 30 յունիս 2016 պայմանագրութիւն մը կնքած է խումբին հետ:
CATEGORIES Մարզական


