Հայկ Գալստեան Կ՛ըսէ. «Օգոստոսին Աթլեթիքօ Մատրիտէն Վերադարձէս Ետք Ամէն Ինչ Յստակացած Կ՛ըլլայ»

Միքայի 15 տարեկան յառաջապահ Հայկ Գալստեան, որ շուրջ 20 օրով փորձառական շրջան մը անցուց Աթլեթիքօ Մատրիտի երիտասարդներու խումբին հետ, Totalfootball.am-ի թղթակիցին հետ իր ունեցած զրոյցին ընթացքին խօսած է Մատրիտէն իր ստացած տպաւորութիւններուն եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:

Ստորեւ կու տանք վերոնշեալ կայքէջին աշխատակիցին` Նարէ Յովհաննիսեանի կատարած հարցազրոյցին կարեւոր բաժինները.

«Հայրս, որ նոյնպէս ֆութպոլով զբաղած է, ինծի սկսաւ մարզել, երբ 3 տարեկան էի: 7 տարեկանէն մինչեւ հիմա Միքայի հետ եմ: Մարտ ամսուան ընթացքին փորձառական շրջան մը կ՛անցընէի Տինամօ Մոսկուայի հետ, որուն հետ փորձեր եւ բարեկամական մրցումներ կատարեցի` դառնալով 3 կոլի հեղինակ: Մատրիտեան ակումբին պատասխանատուները, տեսնելով ներկայացումներս, զիս հրաւիրեցին Սպանիա: 3 մրցում կատարելէ ետք Աթլեթիքօ Մատրիտի հետ, այժմ թէեւ վերադարձած եմ Հայաստան, սակայն օգոստոսին դարձեալ պիտի մեկնիմ Սպանիա, որմէ ետք կը կարծեմ, որ ամէն ինչ կը յստականայ: Երբեք չէի պատկերացներ, որ այս տարիքին կարելիութիւն կ՛ունենամ այսպիսի խումբէ մը հանդէս գալու, սակայն ըսեմ, որ Պարսելոնայի համակիր եմ եւ փոքր տարիքէս կ՛երազեմ Սպանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մասնակցիլ»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )