27 Յունիսէն 6 Յուլիս` Լա Քոլինա Քաունթրի Քլապի Թենիսի Մրցաշարքը
Հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Լա Քոլինա Քաունթրի Քլապ ակումբին, 27 յունիսէն 6 յուլիս տեղի պիտի ունենայ այդ ակումբի թենիսի տարեկան 3-րդ մրցաշարքը, որ կը կրէ Պազիլ Մկրտիչ անունը:
Վերոնշեալ ակումբին դաշտերուն վրայ տեղի ունենալիք այս մրցաշարքին պիտի կատարուին հետեւեալ դասակարգերու մրցումները` 12, 14, 16 եւ 18 տարեկանէն վար, տղոց մեծերու, ինչպէս նաեւ 45 տարեկան եւ վեր դասակարգերու մրցումները:
Կազմակերպիչ ակումբը յայտնեց, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ այս մրցաշարքին, կրնան հեռաձայնել 04-524584 թիւին:
Արձանագրութեան վերջին պայմանաժամ ճշդուած է երեքշաբթի, 25 յունիս, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ը:
CATEGORIES Մարզական