Տոնաթի Միացաւ Պայէր Լեւերքուզընի

«Պունտըսլիկա»-ին եւ «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին (2013-2014 տարեշրջան) աւելի լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգելու նպատակով, Պայէր Լեւերքուզըն իր կազմին միացուց Ինթեր Միլանի աջ-յետսապահ Ճիուլիօ Տոնաթին:

Լեւերքուզընի կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Իտալիոյ 21 տարեկանէն վար կրտսերներու ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող 23 տարեկան Տոնաթի չորս տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց գերմանական ակումբին հետ, յայտնեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը:

Նշենք, որ նախորդ շաբաթ Լեւերքուզըն իր կազմին միացուց հարաւային քորէացի յառաջապահ Սոն Հէունկ Մինը (Համպուրկէն):

 

 

Share this Article
CATEGORIES