Ռուբէն Հայրապետեան Կը Փորձէ Հարթել Հաւաքականին Մէջ Տիրող Վատ Մթնոլորտը

Վերջին ամիսներուն խօսակցութիւններ տարածուած են, ըստ որոնց, Հայաստանի ֆութպոլի հաւաքականին մէջ վատ մթնոլորտ կը տիրէ:

Այս հարցին անդրադառնալով` հայկական լրատուամիջոցներ, որոնց կարգին` armsport.am, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանին խօսքերը մէջբերելով հրապարակած են հետեւեալ լուրերը.

«Իրականութեան մէջ խնդիրներ կան: Ազգային խումբին ֆութպոլիստները խաղացողի մը նկատմամբ վատ տրամադրուած են: Այդ խաղացողին անունը պիտի չնշեմ, որովհետեւ կը փորձեմ հարթել այդ խնդիրը: Բայց ձեզի կը խոստանամ, որ եթէ ամէն ինչ այսպէս շարունակուի, ապա անոր անունը պիտի հրապարակեմ: Եթէ կը սիրենք հայկական ֆութպոլը, մեր երկիրը, ապա ճիշդ չէ անոր անունը տալ: Ատիկա գործը աւելի կը խանգարէ: Թէեւ կան քանի մը խաղացողներ, որոնք կը փորձեն խնդիրներ ստեղծել, սակայն անոնք պիտի չյաջողին, որովհետեւ իրաւունքս է միջամտել եւ հարթել հաւաքականին մէջ տիրող վատ մթնոլորտը: Իսկ ինչ կը վերաբերի խումբին բերդապահ-խմբապետ Ռոման Պերեզովսքիին, երանի բոլորը անկէ օրինակ առնեն: Ան հիանալի մարդ է, որ կը զարմացնէ զիս իր մարդկային որակներով: Ան մաս պիտի կազմէ հաւաքականին, այնքան ատեն որ Աստուած անոր առողջութիւն կու տայ»:

 

Share this Article
CATEGORIES