Առ Ի Զօրակցութիւն Հենրիխ Մխիթարեանին. Այսօր Տեղի Պիտի Ունենայ Բողոքի Ցոյց Մը` Հայաստանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնին Կեդրոնատեղիին Դիմաց
Հայաստանցի խումբ մը քաղաքացիներ, իրենց դժգոհութիւնը արտայայտած են Շախտիոր Տոնեցքի եւ Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեանի շուրջ ստեղծուած իրավիճակին կապակցութեամբ:
Ասկէ մեկնելով եւ առ ի զօրակցութիւն Հենրիխ Մխիթարեանին` այսօր` երկուշաբթի, 24 յունիսին կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կեդրոնատեղիին դիմաց տեղի պիտի ունենայ բողոքի ցոյց մը, որուն ընթացքին պիտի պահանջուի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանի հրաժարականը, կը յայտնէ PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը:
Բոլորին ուղղուած այդ բաց նամակին մէջ կ՛ըսուի. «Մեր լաւագոյն ֆութպոլիստներէն մէկը` Հենրիխ Մխիթարեան, այսօր մեր օգնութեան կարիքը ունի: Ան այսօր զոհը դարձած է Ռուբէն Հայրապետեանին, որուն պատճառով ան չի կրնար միանալ եւրոպական լաւագոյն ակումբներէն մէկուն` Լիվըրփուլին: Ան առանձինը չի կրնար պայքարիլ Հայրապետեանին դէմ, որովհետեւ վերջինս բազմիցս նշած է, որ շատ մեծ ներդրում ունեցած է ֆութպոլիստին յաջող ասպարէզին մէջ եւ իրաւունք ունի հանդէս գալու իբրեւ որոշիչ կողմ` անոր փոխանցման մէջ»:

