Մամլոյ Ասուլիս` Լիբանանի Պասքեթպոլի Ֆետերասիոնի Կեդրոնատեղիին Մէջ. Ուատիհ Ապսի 300 Հազար Ամերիկեան Տոլարի Գումարով Կ՛օժանդակէ Լիբանանի Տղոց Ազգային Խումբին
Երէկ կէսօրին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի կեդրոնատեղիին մէջ տեղի ունեցաւ մամլոյ ասուլիս մը` ներկայութեամբ մեծ թիւով մարզական լրագրողներու:
Յաջորդաբար խօսք առին Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռոպեր Ապու Ապտալլա, լիբանանցի առեւտրական եւ պասքեթպոլի մարզին զօրակցող Ուատիհ Ապսի եւ Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց ազգային խումբի մարզիչ Ղասսան Սարգիս:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին յայտարարուեցաւ, որ Ապսի 300 հազար ամերիկեան տոլարի գումարով պիտի օժանդակէ Լիբանանի խումբին, որպէսզի անիկա լաւ արդիւնքներ արձանագրէ Ասիոյ ախոյեանութեան, որ տեղի պիտի ունենայ 1-11 օգոստոսին` Ֆիլիփեան կղզիներուն մէջ:
CATEGORIES Մարզական

