Հաղորդագրութիւն
Երէկ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն լիբանանեան լրատուամիջոցներուն յղեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն խոր կսկիծով կը ցաւակցի բանակին եւ բանակի նահատակներուն ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ կոչ կ՛ուղղէ` զօրակցելու բանակին եւ անոր դիրքորոշումներուն ու դերակատարութեան, որպէսզի կարենայ Լիբանանը փրկել զինք թիրախ դարձնող դաւադրութիւններէն եւ անոր զաւակներուն միջեւ սերմանուող սադրանքներէն:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կը շեշտէ, որ ներկայ կացութիւնը կը սպառնայ Լիբանանի ապագային, եւ զօրակցութիւն յայտնեց բանակին` երկրին մէջ ապահովական կայունութիւնը եւ կարգ ու կանոնը պարտադրելու համար:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
CATEGORIES Լիբանանեան

