Թուրքիոյ Մէջ Միացեալ Նահանգներու Դեսպանը Այցելած Է Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցի

Ռիքարտոնէ ամոլը` Ս. Խաչ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ

Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրանսիս Ռիքարտոնէ իր կնոջ հետ այցելած է Վան եւ Աղթամար կղզիի Ս. Խաչ եկեղեցի:

Ան յայտարարած է, որ Վանի մէջ ջերմ ընդունելութեան արժանացած է: «Վանի հետ կապուած գեղեցիկ յիշատակներ ունիմ: Անիկա այժմ շատ փոխուած է: Ժամանակ մը շրջագայած եմ այստեղ եւ կը փափաքէի Վանայ կատու գնել», պատմած է դեսպանը:

Ան նշած է, որ իրենք կ՛ուզեն մեծցնել Վանի նկատմամբ ամերիկացի զբօսաշրջիկներուն հետաքրքրութիւնը: «Վաղը ամերիկացիներ Ֆլորիտայէն Վան պիտի գան: Ուզեցի խրախուսել մեր քաղաքացիները», ըսած է դեսպանը:

Վանի նահանգապետ Մունիր Քարաօղլու դեսպան Ռիքարտոնէին եւ անոր կնոջ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ պատկերով գեղանկար նուիրած է:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )