Պռօշեանի Գիւղապետի Ընտրութիւններուն Առաջադրուած Է Հինգ Թեկնածու

Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբը հաղորդեց, որ Կոտայքի մարզի Պռօշեան եւ Շիրակի մարզի Հովիտ համայնքներու ղեկավարներուն 14 յուլիսին տեղի ունենալիք արտակարգ ընտրութիւններուն համար առաջադրուած են համապատասխանաբար 5 եւ 2 թեկնածուներ:

Պռօշեանի գիւղապետի պաշտօնին համար ինքնառաջադրուած են 5 թեկնածուներ` անկուսակցական, Հայաստանի նախագիծերու պետական արտագերատեսչական փորձաքննութիւն փակ բաժնետիրական ընկերութեան գլխաւոր մասնագէտ Ալեքսան Ալեքսանեան, «Տելիքթէ» ընկերութեան անկուսակցական տնօրէն Ցոլակ Գրիգորեան, Պռօշեանի գիւղապետարանի կրտսեր մասնագէտ Գալուստ Մկրտչեան, ՀՅԴ անդամ, Պռօշեանի գիւղապետական համայնքի ղեկավարի տեղակալ Վովա Սահակեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ անդամ, նախորդ ընտրութիւններուն սպաննուած գիւղապետի մրցակից Արթուր Մուրադեան:

Շիրակի մարզի Հովիտ համայնքի ղեկավարի ընտրութիւններուն առաջադրուած երկու թեկնածուներն են անկուսակցական անասնաբուժ Ռազմիկ Յակոբեան եւ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան կողմէ առաջադրուած Աւետիք Սերոպեան:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )