Վրաստանի Խորհրդարանը Կրնայ Սահակաշվիլիի Պաշտօնանկութեան Հոլովոյթին Սկսիլ

Կիա Ժորժոլիանի

«Վրեմիա» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի խորհրդարանական մեծամասնութեան ներկայացուցիչ Կիա Ժորժոլիանի լրագրողներուն յայտնած է, որ իր հայցին հիման վրայ խորհրդարանը չորեքշաբթի օր պիտի սկսի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլիի պաշտօնանկութեան հոլովոյթին:

«Կը կարծեմ, որ գոյութիւն ունին բաւարար պատճառներ` նախագահի պաշտօնանկութեան հոլովոյթին սկսելու համար: Ես` իբրեւ խորհրդարանի ներկայացուցիչ, չորեքշաբթի պիտի սկսիմ այդ հոլովոյթին: Յոյսով եմ, որ խորհրդարանի ներկայացուցիչներուն մեծամասնութիւնը պիտի աջակցի այդ նախաձեռնութեան», յայտարարած է Ժորժոլիանի: Ան նշած է, որ ատիկա անհրաժեշտ է, որպէսզի «Սահակաշվիլի նախագահ չըլլայ»: Ըստ անոր, ատիկա այսպէս թէ այնպէս տեղի պիտի ունենայ հոկտեմբերին, սակայն պաշտօնանկութիւնը անհրաժեշտ է, որպէսզի «հանրութիւնը ամբողջութեամբ գիտակցի յանցաւոր վարչակարգի աղէտալի հետեւանքներուն եւ պատասխանատուութեան ենթարկէ վարչակարգի պատասխանատու անձը, որ եղած է այդ վարչակարգին ճարտարապետը»:

17 յունիսին յայտնի դարձած է, որ Վրաստանի ներքին գործոց նախարարութիւնը յայտնաբերած է զէնքերով, թմրեցուցիչներով եւ պայթուցիկ նիւթերով լեցուն գաղտնի պահեստանոց մը: Այդտեղ գտնուած են նաեւ բռնութեան տեսահոլովակներ, իրաւապահ մարմիններու կողմէ մարդոց դէմ ստորնացուցիչ, վիրաւորական, դաժան, ներառեալ` սեռային բռնութեան եւ տանջանքներու կիրարկման լուսանկարներ:

Բացի ատկէ, գաղտնի պահեստանոցին մէջ յայտնաբերուած է թղթապանակ մը, որուն մէջ եղած են անունները նախկին իշխանութիւններու քաղաքական հակառակորդներու, զորս կը նախատեսուէր ձերբակալել, եթէ Միացեալ ազգային շարժում կուսակցութիւնը ընտրութիւններուն յաղթանակ արձանագրէր:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )