Հիլըրի Քլինթըն Միացեալ Նահանգներու Նախագահի Պաշտօնին Իր Թեկնածութեան Առաջադրումը Չի Բացառեր

Հիլըրի Քլինթըն

«Ռաշա Թուտէյ» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախկին նախարար Հիլըրի Քլինթըն ամրապնդած է իր կողմնակիցներուն յոյսերը` հերթական նախագահական ընտրապայքարին մասնակցելու վերաբերեալ: Ան յայտնած է, որ յոյս ունի տեսնելու այն ժամանակը, երբ կին մը պիտի ղեկավարէ Միացեալ Նահանգները:

Քլինթըն Թորոնթոյի մէջ իր համակիրներուն հետ հանդիպումի մը ընթացքին ըսած է, որ «տեսականօրէն խօսելով, ես յոյս ունիմ, որ քանի տակաւին ողջ եմ, մենք պիտի ունենանք առաջին կին նախագահը»:

Դեմոկրատական կուսակիցները պատրաստ են աջակցելու անոր թեկնածութեան: Ամերիկեան «Հիլ» թերթը մէջբերած է Փենսիլվենիա նահանգի նահանգապետ Էտտա Ռենտելի խօսքերը. «Դեմոկրատական կուսակցութեան քաղաքական հետաքրքրութիւնը կեդրոնացած պիտի ըլլայ Հիլըրի Քլինթընի վրայ, եւ որոշ չափով ատիկա արդէն տեղի կ՛ունենայ»:

Ան նաեւ աւելցուցած է, որ «Պարաք Օպամա պիտի պահպանէ որոշիչ դեր` Դեմոկրատական կուսակցութեան քաղաքականութեան մէջ, սակայն միեւնոյն ժամանակ տեղի պիտի ունենայ դեմոկրատականներու անխուսափելի քաղաքական վերակողմնորոշում մարդու մը վրայ, որուն անոնք իրենց ապագայ ղեկավարը կը նկատեն»:

Հարցախոյզի արդիւնքները նոյնպէս կը խօսին այն մասին, որ 65-ամեայ Քլինթըն մեծ հեղինակութիւն ձեռք բերած է եւ ընտրութիւններուն մէջ բնակչութեան աջակցութիւնը ստանալու համար բոլոր առիթները ունի:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )