Թուրք Լրագրող Մը Կը Յայտնէ. «Հրեաները Թունաւորեցին Աթաթուրքը»

Թուրք գրող եւ լրագրող Ֆաթիհ Թազճան յայտնեց, որ «հրեաները Թուրքիոյ արդի հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքը թունաւորեցին` Իսրայէլի պետութեան հաստատման ընդդիմանալուն համար»:

Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թազճան օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին թրքական պետութեան պաշտօնատարներէն պահանջած է Աթաթուրքի դիակը անգամ մը եւս դիազննութեան ենթարկել` խոստանալով, որ եթէ իր պնդումին հակառակը փաստուի, ապա լրագրութեան ասպարէզը պիտի լքէ եւ իր ինքնութեան թուղթը Մարմարա ծովուն մէջ պիտի նետէ:

Թազճան նշած է, որ Բրիտանիա 1936-ին Իսրայէլի պետութեան հաստատումը յայտարարեց, սակայն Աթաթուրք ընդդիմացաւ եւ յայտնեց, որ ի գին ամէն բանի Իսրայէլի պետութեան հաստատումը պիտի արգելակէ, եւ 1938-ին սպաննուեցաւ` հրեաներուն կողմէ թունաւորուելով:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )