ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑՉԱԿԱՆ 41-ՐԴ ԺՈՂՈՎԸ ԱՒԱՐՏԵՑ ԻՐ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐԸ

23-25 մայիսին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Հրայր Մարուխեան» սրահին մէջ գումարուեցաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի ներկայացուցչական 41-րդ ժողովը, որուն հիմնական օրակարգն էր ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան տեղեկագիրը ընթերցել, նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան առաջարկներ ներկայացնել եւ ընտրել Լիբանանի պատգամաւորները:

Ժողովին բացումը կատարեց ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան: Ապա ժողովը անցաւ իր աշխատանքներուն: Երեք օրերու ընթացքին Լիբանանի ՀՄԸՄ-ի մասնաճիւղերը ներկայացնողներ եւ հրաւիրեալներ լսեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ամփոփ տեղեկագիրը` կատարուած աշխատանքներուն մասին: Ընթերցուեցաւ նաեւ ռազմավարական ծրագիրի ամփոփ տեղեկագիրը:

Ժողովականները այս առնչութեամբ իրենց լուսաբանական հարցումները ուղղեցին ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչին եւ ստացան համապատասխան բացատրութիւններ:

Ապա ժողովականները ՀՄԸՄ-ի գործունէութեան տարբեր մարզերուն վերաբերող իրենց առաջարկները ներկայացուցին նորընտիր Կեդրոնական վարչութեան, որ պիտի ընտրուի սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ կայանալիք ՀՄԸՄ-ի 10-րդ Պատգամաւորական ժողովին:

Աւարտին ժողովը ընտրեց Լիբանանը ներկայացնող պատգամաւորները:

Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Կարպիս Գապասագալեան, որ շեշտը դրաւ միութենական կեանքին մէջ նման ժողովներու կարեւորութեան վրայ` անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի բարձր սկզբունքներով առաջնորդուելով նուաճումներ ու յաջողութիւններ արձանագրելու երեւոյթին: Ան ըսաւ, որ բոլոր դժուարութիւնները կարելի է յաղթահարել միասնական – հաւաքական աշխատանքով եւ ամէն տեսակ գործունէութեան հիմք ունենալով «Բարձրացի՛ր- բարձրացո՛ւր» նշանաբանը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES