ՀԱՅԿԱԶԵԱՆ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ. «ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՄԱՆԿԱՎԱՐԺՈՒԹԵԱՆ ՍԿԶԲՈՒՆՔՆԵՐԸ» ՆԻՒԹՈՎ ԴԱՍԱԽՕՍՈՒԹԻՒՆ
Կազմակերպութեամբ Հայկազեան համալսարանի կրթութեան ամպիոնին եւ ՄԱՀԱԵՄ-ի Կրթական խորհուրդին, երէկ` հինգշաբթի, 26 մայիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հայկազեան համալսարանի հանդիսասրահին մէջ դոկտ. փրոֆ. Ճուլիեթա Կիւլամիրեան ներկայացուց դասախօսութիւն մը` մարդասիրական մանկավարժութեան սկզբունքներուն մասին:
Բացման խօսքը արտասանեց դոկտ. Արտա Էքմեքճի, որ մանկավարժական սկզբունքներու կարեւորութեան անդրադառնալէ ետք ներկայացուց օրուան դասախօսը: Խաչատուր Աբովեանի անուան Երեւանի Պետական համալսարանի մանկավարժական ամպիոնի դասախօս Ճ. Կիւլամիրեան անդրադարձաւ մարդասիրական մանկավարժութեան եզրին` հաստատելով, որ անոր հիմնական սկզբունքներէն է այն, որ մանուկը կամ աշակերտը պէտք է նկատի ունենալ իբրեւ մարդ` պահանջներ, շահեր, ակնկալութիւններ եւ կարիքներ ունեցող:
Ան իր բանախօսութեան սկսաւ Խորհրդային Հայաստանի կրթական համակարգին արագ ակնարկով մը` դիտել տալով, որ անիկա բաւական լաւ էր, սակայն Հայաստանի վերանկախացումով մեծ փոփոխութիւններ կրեց: Ան նաեւ խօսեցաւ հնամենի կարգ մը սկզբունքները փոխելով նորերն ու աւելի սերտուածները կիրարկելու դժուարութիւններուն մասին, զորս շրջանցելու պարագային կարելի կ՛ըլլայ կերտել իսկական մանկավարժական դպրոց մը, որուն հետեւելով աշակերտակեդրոն ուղղութեամբ պէտք է ընթանալ: Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած այս փոխանցումին անդրադարձաւ դասախօսը` նկատել տալով, որ թէեւ արգելքներ ծագած են, սակայն զանոնք հանգրուանային կերպով յաղթահարելով կարելի եղած է ստեղծել նոր ու աւելի առողջ միջավայր, ուր հասակ նետող աշակերտը նկատի կ՛առնուի իբրեւ ինքնուրոյն մարդ:
Մարդասիրական մանկավարժութեան սկզբունքները մանրամասնելով` դասախօսը նշեց, որ պէտք է ամէն բանէ առաջ համոզուիլ, որ մանուկը պէտք է ընկալել եւ ընդունիլ ինչպէս որ է, որպէսզի կարելի ըլլայ անոր հետ վարուելու ձեւերուն մասին մտածել, անոր կարողութիւններուն զարգացման գծով աշխատիլ, այլապէս` քննադատելով, պատժելով կամ անոր նկարագիրն ու անհատականութիւնը փոխելու փորձերը կրնան քանդել մանուկը: Անոր համաձայն, այս բոլորը գործնականացնելու համար պէտք է անպայման համոզումը ունենալ անոնց ճշգրտութեան եւ արդիւնաւէտութեան, այլապէս ինքնաբերաբար ձախողութեան կը հանդիպին աշխատանքները: Ճ. Կիւլամիրեան դիտել տուաւ, որ նպատակներու համադրում պէտք է կատարուի ծնողներուն եւ ուսուցիչին միջեւ, որպէսզի կարելի ըլլայ ճշդել այն ուղղութիւնը, որ պիտի որդեգրուի աշակերտը դաստիարակելու իմաստով, որովհետեւ մանուկը կրթող հասարակութիւնը եւս պէտք է կրթուի, նոր սկզբունքները ընկալէ, իր մօտեցումները փոխէ: Անոր համաձայն, աշակերտին տեղեկութիւն պէտք չէ փոխանցել, այլ պէտք է մղել ու առաջնորդել զայն տեղեկութիւնները բացայայտելու ու գտնելու, որպէսզի այդ գոհունակութիւնը ունենալով աւելի ամրապնդուին գիտելիքները անոր մօտ, փնտռելու եւ գտնելու վարժութիւն ու կարողականութիւն ձեռք բերէ:
Ճ. Կիւլամիրեան իր դասախօսութեան ընթացքին խօսեցաւ մարդասիրական մանկավարժութեան հիմք հանդիսացող սկզբունքներուն մասին` յարգել մանուկին ինքնուրոյնութիւնը, զայն համեմատել միմիայն իր անձին հետ, մարդասիրական մօտեցումները զարգացնել անոր մօտ, պահպանել անոր ազատութիւնները, անոր տալ պատկանելիութեան ու ապահովութեան զգացում, յարգանք եւ սիրոյ պահանջները գոհացնել, միշտ ու միշտ առաջնորդուիլ անոր կարիքներով եւ շահերով եւ այլն:
Դասախօսութեան աւարտին ան պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն: