ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ Կ. ՊՈԼՍՈՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ 550-ԱՄԵԱԿԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԵԱՆ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը պիտի մասնակցի Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան հիմնադրութեան 550-ամեակի տօնակատարութեան, որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի, 29 մայիս 2011-ին, Պոլսոյ պատրիարքանիստ եկեղեցւոյ մէջ: Պատուիրակութեան մաս կը կազմեն Կորիւն արք. Պապեան եւ Գրիգոր Ծ. վրդ. Չիֆթճեան:
Այս առիթով, հանդիսաւոր սուրբ եւ անմահ պատարագի ընթացքին պիտի կարդացուի Արամ Ա. կաթողիկոսի հայրապետական օրհնութեան գիրը:
CATEGORIES Գաղութային