ՃԱՄԱՅՔԱՅԻ ՄԷՋ ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԳԱՈՒՄԱՐԻ ՓԱԿՈՒՄ

Երեքշաբթի, 24 մայիս 2011-ին, Քինկսթընի մէջ (Ճամայքա) հաւաքական աղօթքով փակուեցաւ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի կազմակերպած խաղաղութեան նուիրուած միջազգային համագումարը, որուն Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը մասնակցեցաւ քառանդամ պատուիրակութեամբ, որուն մաս կը կազմէին Նարեկ արք. Ալեէմէզեան, Անուշաւան եպս. Դանիէլեան, Մարք. Աւ. սրկ. Շիրին եւ Սեդա Խտըշեան:

18-24 մայիսին աւելի քան 1000 մասնակցողներ իրենց աղօթական եւ ժողովական կեանքը ապրեցան համագումարին ընդհանուր նիւթին շուրջ` «Փառք բարձունքներու մէջ բնակող Աստուծոյ եւ խաղաղութիւն երկրի վրայ»:

Երկուշաբթի, 23 մայիսին, համագումարը շարունակեց իր աշխատանքները եւ լիակատար նիստերով ու խմբակներու հանդիպումներով քննարկեց «Խաղաղութիւնը ժողովուրդներու միջեւ» նիւթը:

Համագումարը եզրափակուեցաւ միջազգային ընկերութեան ուղղուած պատգամով մը, որուն ընդմէջէն եկեղեցիներ փառք յայտնեցին Աստուծոյ խաղաղութեան իշխանին` Յիսուս Քրիստոսի միջոցով աշխարհին շնորհուած երկնային խաղաղութեան պարգեւին համար եւ վերանորոգեցին իրենց ուխտը Ս. Հոգիով սպառազինուած շարունակելու խաղաղութեան դեսպանները ըլլալու իրենց յանձնառութիւնը` սիրոյ, արդարութեան, համերաշխութեան եւ համակեցութեան վրայ հիմնուած համայնական կեանքի կերտման համար:

Share this Article
CATEGORIES