Նախագահ Սարգսեան Մեկնեցաւ Լեհաստան
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտօնական այցելութեամբ մեկնեցաւ Լեհաստան:
Հայաստանի նախագահի պաշտօնական կայքէջը հաղորդեց, որ նախագահ Սերժ Սարգսեան հանդիպումներ պիտի ունենայ Լեհաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան` նախագահ Պրոնիսլաւ Քոմորովսքիի, Ծերակոյտի նախագահ Պոկտան Պորուսեւիչի եւ վարչապետ Տոնալտ Թուսքի հետ:
Երկու երկիրներու նախագահներու բանակցութիւններու աւարտին կը նախատեսուի շարք մը մարզերու մէջ համագործակցութեան զարգացման ուղղուած երկկողմանի փաստաթուղթերու ստորագրման արարողութիւն եւ բանակցութիւններու արդիւնքներու վերաբերեալ Սարգսեանի եւ Քոմորովսքիի միացեալ մամլոյ ասուլիսը:
Հայաստանի եւ Լեհաստանի նախագահները Վարշաւայի մէջ պիտի մասնակցին նաեւ հայ-լեհական գործարար համաժողովի փակման արարողութեան:
Պաշտօնական այցելութեան շրջագիծին մէջ Սերժ Սարգսեան հանդիպում պիտի ունենայ նաեւ Լեհաստանի հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ:

