Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Սեղանակից պիտի ըլլաք բարեկամներուն` լաւ մթնոլորտի մը մէջ: Ուրախ տրամադրութիւն պիտի ունենաք այս հանդիպումով:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր ամբողջ ուժն ու եռանդը դրէք ձեր աշխատանքին մէջ: Այսօր խնդրոյ առարկայ կրնայ դառնալ ձեր համբաւը ձեր անունը: Ուշադիր եղէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ լուրեր պիտի ստանաք արտասահմանէն: Մի՛ աճապարէք անմիջապէս պատասխանելու: Ժամանակ տրամադրեցէք արտայայտելու ձեր տեսակէտը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ձեր գործերուն մէջ կարգ ու կանոն հաստատելով` աւելի յստակ պիտի տեսնէք կատարուածը եւ կատարուելիքը: Կեդրոնացէք ձեր գործին վրայ:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Իւրաքանչիւր օր պիտի սորվիք իւրաքանչիւր անձի հոգեբանութիւնը եւ ըստ այնմ պիտի վարուիք անոնց հետ: Ձեր փորձառութիւնը կը զարգանայ այս ընթացքով:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր առողջութեան վերաբերեալ լաւ եւ օգտակար նախաձեռնութիւնը օգտակար արդիւնք պիտի տայ: Շարունակեցէք ձեր որդեգրած սովորութիւնը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Սիրային յարաբերութիւն մը ձեզի զգացնել պիտի տայ յուզում մը, զոր չէիք զգացած մինչեւ հիմա: Յարգեցէք ձեզի ուղղուած ամէն կարծիք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ժամանակ տրամադրեցէք դասաւորելու, կարգի դնելու ձեր պաշտօնական թուղթերը, ստացագրերը եւ հաշուեցոյցները: Անտարբեր մի՛ ըլլաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ծանօթութիւն մը սկսեցէք փոքրահասակներու, պատանիներու հետ: Անոնց հետ զբաղեցէք եւ զանոնք լաւ ձանչցէք: Ուրախ կը մնաք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ձեր շուրջինները պիտի գնահատեն ձեր գործունէութիւնը: Անոնց համար դուք արժէքաւոր անձ մըն էք: Ձեր օրը պիտի անցնի հաճելի եւ ուրախ:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Այսօր ձեզի կը թելադրուի ըլլալ ուշադիր, ձեր խօսակիցներուն հետ նրբութեամբ վարուեցէք, յարգեցէք ուրիշին կարծիքը, որպէսզի ձեր կեանքը բարելաւուի, ներդաշնակ ըլլայ շրջապատին հետ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Եթէ ձեր սորվածը կրկին աչքէ կ՛անցընէք, վերաքաղ մը կ՛ընէք, օգուտ մը պիտի քաղէք: Ձեր գիտցածը չէք մոռնար եւ ձեր միտքը կը թարմանայ:

