Երկու Տարուան Բացակայութենէ Ետք. Ալմերիա Վերադարձաւ «Լա Լիկա»
Նախորդ շաբաթավերջին Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցաւ Բ. դասակարգի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի աւարտական հանգրուանի դարձի ճակատումը, որուն ընթացքին Ալմերիա 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով, ապահովեց «Լա լիկա»-ի երրորդ եւ վերջին տոմսը: Անիկա երթին եւս յաղթանակ մը արձանագրած էր` 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Կիրոնան, վերջինիս դաշտին վրայ տեղի ունեցած մրցումին:
Այսպիսով, Ալմերիա երկու տարուան բացակայութենէ ետք կը վերադառնայ «Լա լիկա», մինչ Կիրոնա ֆութպոլի իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով կը փորձէր բարձրանալ հոն:
Բ. դասակարգի ախոյեան Էլչէ եւ 2-րդ հանդիսացած Վիարէալ նախապէս ապահոված էին «Լա լիկա»-ի իրենց տոմսերը, մինչ Ա. դասակարգ փոխադրուող երեք կազմերը 2012-2013 տարեշրջանին աւարտին հանդիսացան Ռէալ Սարակոսա, Տեփորթիւօ Քորունա եւ Մայորքա:
CATEGORIES Մարզական

