Քաղաքական Քրոնիկ. Սուրիա.- Խաղաղ Լուծումը Ահա՛ Կու Գայ Եւ Ազգային Ժողովրդավարական Ընդդիմութիւնը Երաշխիքն Է Արաբականութեան Վերականգնումին(*)

ՄԵԹՐ Գ. ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ

Իրապէս շատ երկար տեւեց օսմանեան թուրք գաղթատիրական լուծին ժամանակաշրջանը, որ արաբական խալիֆաթը դուրս հանեց պատմութեան թատերաբեմէն, աշխարհի քարտէսէն եւ քաղաքական դաշտէն… եւ որդեգրեց օսմանականութիւնը, աւելի ճիշդը` թրքացումը որպէս քաղաքականութիւն, երկրի բոլոր բնիկ ժողովուրդներուն` հայոց, քիւրտերուն, արաբներուն, ասորիներուն, քաղդէացիներուն, յոյներուն, լազերուն եւ այլոց դէմ:

Ա. աշխարհամարտի աւարտին արեւմտաեւրոպական գաղութատիրութիւնը արդէն ձեռնարկած էր Օսմանեան կայսրութիւնը ժառանգելու գործին: Անոր համար հեշտ եղաւ վերագծելը արաբական ընդարձակածաւալ աշխարհին նոր քարտէսին, քանի որ արաբները ճնշուած մնացեր էին իրենց արաբական ինքնութեան մէջ` հինգ դարեր տեւած թրքացումի քաղաքականութեան պատճառով: Եւ ան դիմեց արաբ աշխարհը բաժանելու միջոցին, որպիսին էր Սայքս-Փիքօ կոչուած գաղտնի դաշնագիրը, եւ միջոցներէն ամէնէն վտանգաւորը եղաւ բրիտանացի լորտ Պալֆուրի անունով կատարուած խոստումը` սիոնական պետութեան մը տարատնկումը Պաղեստինի հողին վրայ:

Իսկ Բ. Աշխարհամարտի նախօրէին ֆրանսացի գաղութարարները անհրաժեշտութիւնը տեսան ձեւով մը գոհացնելու թուրանական Թուրքիան, որ դաշնակիցն էր նացիական Գերմանիոյ… եւ անոր կցեցին Սուրիոյ ժողովուրդի հողերէն մաս մը` Ալեքսանտրեթի սանճագը, եւ հայ ժողովուրդի հողերէն` Կիլիկիան իր Ատանա մայրաքաղաքով: Այսպիսով, Թուրքիոյ փանթուրքական հանրապետութիւնը եղաւ տարածաշրջանի լիակազմօրէն տարատնկեալ պետութիւնը, նախապէս ալ` 1915-ին, զաւթած ըլլալով Անատոլու կոչուող Արեւմտահայաստանը, ցեղասպանելով հայ ժողովուրդը եւ մնացորդացն ալ բռնահանելով իր մայր հողէն: Աւելի ետք, 1948-ին, ստեղծուեցաւ սիոնական պետութիւնը` սպաննելով պաղեստինցի ժողովուրդին մէկ մասը, մնացորդացն ալ արտաքսելով Պաղեստինէն: Այսպիսով, տարածաշրջանին մէջ գտնուեցան զոյգ մը տարատնկեալ պետութիւններ, որոնք իրարու դաշնակիցներ եղան` հովանաւորութեան տակ ամերիկեան կայսերապաշտութեան, որպէս երիցագոյն եղբայր դաշնակիցը Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի, եւ այս երեք տարատնկեալ պետութիւններուն միջեւ կնքուած ամուսնութիւնը եղաւ անխզելի` կաթոլիկեան ամուսնութիւն:

Եւ երբ 1952 թուին Եգիպտոսի մէջ բռնկեցաւ յուլիս 23-ի յեղափոխութիւնը, արաբականութեան թշնամիները չուշացան շրջափակելու յեղափոխութիւնը: Իսրայէլ յառաջ մղուեցաւ անուղղակի ճանապարհներով հարուածելու համար Եգիպտոսը: Ատոնց բարձրակէտը հանդիսացաւ 1956 թուի սիոնա-բրիտանա-ֆրանսական եռեակ նախայարձակումը Եգիպտոսի վրայ` իբր թէ հակադարձելով Սուէզի ջրանցքի ազգայնացումին, զոր 1956 թ. յուլիսի 26-ին որոշած էր Կամալ Ապտել Նասերի գլխաւորած յեղափոխական խորհուրդը: Ծանօթ է, որ` Թուրքիա լիովին կը բաժնէր այս եռեակ նախայարձակումին հետապնդած բոլոր նպատակները` յայտնի եւ գաղտնի, այս վերջիններէն ամէնէն վտանգաւորն էր գաղթատիրութեան վերահաստատումը արաբական բոլոր հողերուն վրայ: Այս պատերազմին գլուխը կանգնած էր Իսրայէլ, մինչ Թուրքիա իր զօրքերը կը կեդրոնացնէր Սուրիոյ հետ իր ունեցած երկար սահմանագիծի երկայնքին: Որովհետեւ` արաբականութեան խորհրդանիշ Սուրիան միայն յեղափոխական Եգիպտոսի կողքին կանգնած էր ընդդէմ Պաղտատի ուխտին: Այս ուխտին ետին կանգնած էին, բացի ամերիկեան եւ բրիտանական կայսերապաշտներէն, Ֆայսալ Բ. հաշեմական թագաւորին Իրաքը, փանթուրքական Թուրքիան, Փահլեւի շահի Իրանը, Փաքիստանը եւ Իսլամական ուխտը, որ կ՛ընդգրկէր այն բոլոր իսլամական մեծ պետութիւնները, որոնք արաբական չէին: Ինչ որ կը փաստէր, որ կայսերապաշտ Արեւմուտքը Թուրքիոյ քաղաքական իսլամը եւ միւս բոլոր ոչ-արաբական իսլամները կը մղէր ճակատելու տարածաշրջանի բնիկ ինքնութեան` արաբական ինքնութեան դէմ:

Ուրեմն այսօր Սուրիոյ արաբականութեան դէմ շղթայազերծուած պատերազմը նորութիւն մը չէ կայսերապաշտ Արեւմուտքի ծրագրին մէջ, այլ շարունակութիւնն է հին հակաարաբականութեան ռազմավարութեան` իր ամէնէն բարբարոսային տգեղութեամբ: Հետեւաբար այսօր քաղաքական իսլամը կարելի չէ գեղեցկացնել «չափաւորական»-ի մեղմացուցիչ յորջորջումով, որուն ետին կը թաքնուէր Էրտողանի Թուրքիան… դեռ մօտիկ անցեալին, շնորհիւ ամերիկեան ձրի գովազդներուն: Քանի որ այսօր սուրիական զինեալ ընդդիմութեան հիմնական ուժերը պատերազմի դաշտին վրայ կազմուած են սալաֆական ու թաքֆիրի իսլամական հրոսակախումբերէ, որոնք կը կռուին Սուրիոյ արաբականութեան դէմ եւ կը վայելեն ֆաշական Թուրքիոյ ամբողջական հոգածութիւնը` ամերիկօ-բրիտանա-ֆրանսական կայսերապաշտներու հովանաւորութեան տակ եւ հրահանգին ենթակայ… Նեցակցութեամբ Ծոցի յետադիմութեան ու սիոնական ցեղապաշտութեան…

Մեծ սուտ մըն է այն քարոզչութիւնը, թէ Էրտողանի Թուրքիոյ Իսլամ եղբայրներու իշխանութիւնը պատկերն է իսլամական կրօնին մէջ բարենորոգում եւ լայնախոհութիւն իրագործած յեղափոխութեան մը, որ նաեւ յաջողած է կերտել  արդիական իշխանութիւն մը, որ կարողացած է կառուցել այնպիսի արդիական պետութիւն, որ զարգացած է տնտեսապէս, հիացմունք կը պատճառէ քաղաքական գետնի վրայ այն բանին համար, որ ՕԹԱՆ-ի ուխտին անդամակցած ըլլալով հանդերձ, շահած է (եղեր) արաբներուն բարեկամութիւնը: Այս սուտ քարոզչութիւնը կը հերքուի Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող դէպքերուն շօշափելի եղելութիւններով: Էրտողանի իշխանութիւնը իխուանճիական, թուրանական ու սելճուքեան ցեղապաշտական վարչակարգ մըն է, որուն համար նոյնինքն Էրտողան բազմիցս արտայայտուած է մեծ հպարտութեամբ: Այս վարչակարգը կը հալածէ երկրի տարբեր ազգութիւններն ու կրօնները եւ բոլոր ժողովրդավարական ուժերը: Այս վարչակարգին բանտերը լեցուած են` գրողներով մտքի մարդոցով, լրագրողներով եւ քաղաքական մարդոցմով, նաեւ մասնաւորաբար` համայնավար եւ ազգային ժողովրդավարական գաղափարախօսութիւններ կրող կուսակցական գործիչներով: Իսկ միւս կողմէ` իր հոգածութեան ու խնամատարութեան առարկան դարձուցած է սալաֆականներն ու թաքֆիրիները: Այս վարչակարգը ռազմավարական դաշնակիցն է նաեւ սիոնական պետութեան եւ զինակիցը` արեւմտաեւրոպական կայսերապաշտութեան` ղեկավարութեամբ Ամերիկայի, որ այսօր արդէն կորսնցուցած է իր անցեալի փայլքը… երբ սկիզբ առած է` միաբեւեռ աշխարհակարգին մայրամուտը:

Նոր-օսմանականութեան վարդապետութիւնը լրջօրէն կը փոր`է լեցնել տարածաշրջանի այն քաղաքական պարապը, որ գոյացաւ այստեղ արաբականութեան նահանջով, երբ այսպէս կոչուած Արաբական լիկան կորսնցուց իր արաբականութիւնը` իյնալով տիրապետութեանը տակ` Արաբական թերակղզիի եւ Ծոցի, ի մասնաւորի` Քաթարի իշխանութիւններուն, որոնք սկսան պաշտպանել տարածաշրջանին մէջ սիոնական պետութեան եւ ամերիկեան կայսերապաշտութեան շահերը: Ասոնք մոռացութեան տուին Պաղեստինի ժողովուրդին դատը, Արեւմուտքի յուշարարութեամբ յայտնագործութեանց մէջ, որ կը տարածուի Իրաքի, Սուրիոյ, Լիբանանի (Հըզպալլա) եւ Պաղեստինի (Համաս) մէջ… հակառակ անոր որ նոյն ասոնք, դեռ մօտիկ անցեալին, Իրանի իսլամական յեղափոխութենէն առաջ, ամբողջական հաւատարմութիւն ցուցաբերած էին Արեւմուտքի գործակալ Փահլեւի շահի Իրանին եւ անոր ոստիկանական (Սաւաք) վարչակարգին: Ասոնք, ամերիկեան կայսերապաշտութեան եւ սիոնական պետութեան ցուցմունքներով, Իրանի կողմէ պաղեստինեան դատին որդեգրումը գնահատեցին պարզապէս լոկ մարտավարական դիւանագիտութիւն` քողարկելու համար իր ծաւալողական նպատակները տարածաշրջանին մէջ: Եւ այսպիսով ասոնք մտան Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ միեւնոյն խրամատին մէջ:

Այս դիրքափոխումը կը հաստատուի անով, որ Քաթար, գրաւելով Արաբական լիկայի նախագահութիւնը, իր հաւանութիւնը տուաւ պաղեստինեան հարցի լուծման Իսրայէլի նախաձեռնութեան (տարածքներու փոխանակման), ներկայութեանը այսպէս կոչուած Արաբական լիկայի ընդհ. քարտուղարին… եւ անով, որ սիոնական ռազմական օդուժը վերջերս բացայայտօրէն միջամտեց Սուրիոյ դէմ պատերազմին:

Այսօր, երբ անցած է աւելի քան երկու տարի Սուրիոյ դէմ մղուող պատերազմին վրայէն, նախագահ Պաշշար Ասատ բարոյական պարտաւորութիւնը ունի խոստովանելու իր պատասխանատուութիւնը` վերջին տասնամեակի ընթացքին գործուած սխալներուն մէջ, սկսած` Թուրքիոյ իխուանճի վարչակարգին իր մերձեցումէն… այն աստիճանի, որ իր ելոյթներէն դուրս մնաց բռնագրաւեալ Ալեքսանտրեթի սանճագի յիշատակութիւնը, մինչդեռ, բացուելու նշանաբանին տակ, երկրի տնտեսական եւ ընկերային քաղաքականութեան մէջ նորազատականութեան որդեգրումը… սակայն առանց նոյնքան բացուելու` Սուրիոյ ներքին ճակատին վրայ, ժողովրդավարական ազատութիւններու հարցին հանդէպ:

Այսօր մենք աւելի վստահ ենք` որ մօտալուտ է գալուստը խաղաղ լուծումին` շնորհիւ արաբականութեան խորհրդանիշ Սուրիոյ բարեկամներուն ճիգերուն ու ճնշումներուն, նաեւ` Սուրիոյ ներքին ազգային ու ժողովրդավարական խաղաղ, քաղաքական ընդդիմութեան ջանքերուն, որոնք քողարկուած մնացին բարբարոսային պատերազմին պատճառով եւ անազդեցիկ մնացին մինչեւ այսօր ժամանակաւորապէս: Եւ սակայն այս քաղաքական ազգային ու ժողովրդավարական ընդդիմութիւնը իր վերջին ազդու խօսքը պիտի ըսէ խաղաղ բանակցութեանց ընթացքին` կառուցելու համար ժողովրդավարական, աշխարհիկ, դիմադրական եւ օտար ծրագրերը մերժող Սուրիան, որ միակ երաշխիքը պիտի հանդիսանայ տարածաշրջանին մէջ արաբականութեան վերականգնումին:

Միաբեւեռ աշխարհակարգը գնաց, վերջ գտաւ- եւ մենք կը լսենք ոտնաձայները բազմաբեւեռ աշխարհակարգի գալուստին` Լատին Ամերիկային, Շանկհայի համագործակցութեան ուխտէն եւ Միջցամաքամասային «ՊՐԻՔՍ»-էն, Պրազիլէն, Ռուսիայէն, Հնդկաստանէն, Չինաստանէն եւ Հարաւային Ափրիկէէն…

(*) Ասիկա հայ ընթերցողներուն համար հեղինակին կողմէ հայացուած տարբերակն է այն արաբերէն բնագրին, որ լոյս տեսաւ լիբանանեան արաբատառ «Նիտա» երկշաբաթաթերթի 31 մայիս 2013 թուակիր համարին մէջ:

Share this Article
CATEGORIES