Ասփաս Միացաւ Լիվըրփուլի
Սպանացի յառաջապահ Իակօ Ասփաս նախորդ շաբաթավերջին իր ակումբը` Սելթա Վիկոն լքելով միացաւ Լիվըրփուլի:
25 տարեկան Ասփաս, որ ենթարկուեցաւ բժշկական քննութիւններու, նախորդ տարեշրջանին 34 մրցումի ընթացքին նշանակեց 12 կոլ:
Նախքան այս փոխանցումը, Լիվըրփուլի մարզիչ Պրենտըն Ռոճըրզ յաջողած էր խումբին միացնել Սպանիոյ 21 տարեկանէն վար ազգային խումբի մարզիկ Լուիս Ալպերթոն եւ Մանչեսթըր Սիթիի նախկին յետսապահ Քոլօ Թուրէն:
CATEGORIES Մարզական

