Պասքեթպոլ. Արթիկի Խումբը Կը Շարունակէ Յաղթել Վրաստանի Մէջ
Վրաստանի Պաթում քաղաքին մէջ տեղի ունեցող Վալերի Ախթապայեւի տարեկան պատանիներու մրցաշարքին կը մասնակցի նաեւ Արթիկի պասքեթպոլի խումբը, կը յայտնէ armsport.am հայկական լրատու գործակալութիւնը:
2-րդ մրցումին, արթիկցիները 71-41 արդիւնքով յաղթեցին Սամաքին, իսկ երրորդին` Զուպզիտիին` 64-50 արդիւնքով:
Արձանագրուած վերջին յաղթանակէն ետք հայկական խումբը ապահովեց աւարտականի իր տոմսը. անիկա պիտի մրցի Պաթումի դէմ:
CATEGORIES Մարզական

