Սաֆա Տուպլէ Մը Իրագործեց
Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի աւարտական հանգրուանի մրցումին, որ նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Մարզական աւանին մէջ, իրարու դէմ ճակատեցան Սաֆա եւ Շապապ Սահել:
Լիբանանի ախոյեանը տուպլէ մը իրագործեց, երբ 2-1 արդիւնքով (կիսախաղ` 1-1) պարտութեան մատնեց իր մրցակիցը:
Աւարտին Սաֆա, որ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տուպլէ մը իրագործեց, իր տիտղոսն ու մետալները ստացաւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Հաշեմ Հայտարէն:
CATEGORIES Մարզական

