Պալոթելլի Պիտի Բացակայի Իտալիոյ Դէմ Տեղի Ունենալիք Մրցումէն

Իտալացի յառաջապահ Մարիօ Պալոթելլի պիտի բացակայի Սպանիոյ դէմ տեղի ունենալիք Միջցամաքամասային ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտականի մրցումէն, յայտնեց Իտալիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութիւնը:

Պալոթելլի, որ վիրաւոր է, այս մրցաշարքին Իտալիոյ հետ նշանակեց երկու կոլ:

Իտալիոյ մարզիչ Չեզարէ Փրանտելլի կը յուսայ, որ փլէյմէյքըր Անտրէա Փիրլօ ապաքինելով մասնակցի հինգշաբթի օրուան այս մրցումին:

Նշենք, որ կիսաւարտականի առաջին մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի օր` Պրազիլի եւ Ուրուկուէյի միջեւ:

Share this Article
CATEGORIES