«Չեմփիընզ Լիկ». Զտումի Ա. Հանգրուան. Շիրակի Առաջին Մրցակիցը` Սան Մարինոյի Ախոյեանը
Երէկ, Նիոնի մէջ (Զուիցերիա) տեղի ունեցաւ 2013-2014 տարեշրջանի «Չեմփիընզ Լիկ»-ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքի Ա. եւ Բ. հանգրուանի մրցումներուն վիճակաձգութիւնը:
Ա. հանգրուանին Հայաստանի ախոյեան Շիրակ Գիւմրիի մրցակիցը պիտի ըլլայ Սան Մարինոյի ախոյեանը` Թրէ Փեննէին:
Երթի մրցումները տեղի պիտի ունենան 2 կամ 3 յուլիսին, իսկ դարձի մրցումները` 9 կամ 10 յուլիսին:
Բ. հանգրուան հասնելու պարագային, Գիւմրիի խումբը իրեն մրցակից պիտի ունենայ Սերպիոյ ախոյեան Փարթիզան Պելկրատը:
Նշենք, որ զտումի Բ. հանգրուանի մրցումներուն իրարու դէմ յանդիման պիտի գան ՊԱԹԷ Պորիսովը, որուն մաս կը կազմէ Զաւէն Պատոյեան, եւ Գէորգ Ղազարեանի նոր խումբը` Շախտիոր Քարաքանտա, կ՛եզրափակէ Armfootball.com:
CATEGORIES Մարզական

