Հայաստանի Մէջ. Լեւոն Թաշճեան Ներկայ` «Ողիմպիական Օրուան» Վազքի Մրցումին
Ամէն տարի, յունիս ամսուան ընթացքին, Հայաստան կը տօնէ միջազգային «Ողիմպիական օր»-ը: Այս առիթով Հայաստանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը կը կազմակերպէ զանազան տեսակի մարզական ձեռնարկներ:
Շաբաթ, 22 յունիս 2013-ին, կազմակերպուած էր 3000 մեթր վազքի մրցում մը` հովանաւորութեամբ միջազգային եւ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէներուն:
Վազքի այս մրցումը սկսաւ Երեւանի հանրապետութեան հրապարակէն` Հայաստանի քայլերգին ունկնդրութենէն ետք:
Հայաստանի տարբեր շրջաններէն աւելի քան 7 հազար երկսեռ վազողներ ներկայ եղան այս մրցումին:
Վազքի այս մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Լեւոն Թաշճեան` ՀՄԸՄ Լիբանանէն:
Ընկերակցութեամբ հեծանիւներու, որոնք կը կրէին ողիմպիական եւ եռագոյն դրօշակներ, վազքի այս մրցումը սկսաւ առաւօտեան ժամը 10:15-ին:
Վազողները անցան Ամիրեան փողոցէն, ապա` Մաշտոցի պողոտային ստորերկրեայ անցքէն, յաղթանակի կամուրջէն, այնուհետեւ ուղղուեցան Հրազդան մարզադաշտ, ուր կը գտնուէր ժամանման գիծը:
Ներկայ էին Միջազգային ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժաք Ռոքը եւ Հայաստանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Գագիկ Ծառուկեան:
Այս վազքի մրցումը աւարտելով 13 վայրկեանէն` Լեւոն Թաշճեան գրաւեց իր տարիքի դասաւորման առաջին դիրքը:
Ան Ռոկըյի եւ Ծառուկեանի կողմէ ստորագրուած վկայական մը ստանալէ բացի, ստացաւ նաեւ նիւթական պարգեւ մը:


