Բողոքի Ձայն Մը` Վերջին Անցուդարձերու Լոյսին Տակ. «Ամէն Կողմ Թաքսիմ Է, Բայց Ինչո՞ւ Ամէն Կողմ Վան Ու Մարտին Ալ Չէ»

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

«Նիւ Թեքսթ» կայքէջի մէջ Զեյնեփ Թոզտուման «ինչո՞ւ ամէն կողմ Թաքսիմ կ՛ըլլայ, Վան, Մարտին չ՛ըլլար արդեօք» խորագիրով յօդուած մը հրատարակած է` անդրադառնալով Թաքսիմի Կեզի հանրապարտէզին մէջ կառավարութեան կողմէ պատրաստուած ծառահատումի ծրագրին: Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Թուրքիոյ ամբողջ տարածքին բնութիւնը թալանի կ՛ենթադրուի: Ամէն կողմ ծառահատումներ կը պատահին անխղճօրէն: Ծառաստաններու տեղ կը կառուցուին հսկայ շէնքեր եւ զանազան կեդրոններ:

Այս իրողութիւնը պարզելէ ետք, Թոզտուման հարց կու տայ. «Ամէն տեղ Թաքսիմ, ամէն տեղ պայքար կը գոչեն բողոքարկումները: Անոնք արդեօք ինչո՞ւ լուռ կը մնան, երբ անծայրածիր անտառներ կը կտրուին Վանի, Մարտին Միտիաթի, Մարտին Շըրնաքի մէջ: Ինչո՞ւ լուռ կը մնան, երբ անդին արիւն-արցունք կու լան հայերը` Վանի անտառներուն համար, արիւն-արցունք կու լան ասորիները եւ եզիտիները Մարտինի համար եւ նաեւ` քիւրտերը, որոնք այդ քաղաքներուն մէջ կը բնակին:

Անտառահատումի այս պատմութիւնները ընելէ ետք, յօդուածագիրը կը նշէ, որ Կեզի հանրապարտէզին հողը 500 տարի առաջ հայապատկան հող մը եղած է: «Տիվան», «Հիլթոն» եւ «Հայաթ Ռեժանսի» պանդոկներու սանդուխներու շինութեան համար հայոց գերեզմանատան այդ մարմարները օգտագործուած են: «ԹՐԹ»-ի Պոլսոյ ձայնասփիւռի շէնքը եւ Հարպիյէի զինուորական թանգարանը հայոց գերեզմանատան այս հողերուն վրայ կառուցուած են: Հայապատկան այս հողերուն կալուածաթուղթը 1931-ին քաղաքապետութեան կողմէ բացուած դատի պատճառով «բռնի ուժով եւ խարդախութեամբ» ձեռք փոխած է: 1939-ին ամբողջովին ապասեփականացուած է: Այս երկրին մէջ ցեղասպանութիւն ապրած, սակայն կառավարութեան կողմէ ուրացման քաղաքականութեան ենթարկուած ժողովուրդներու համար շատ իմաստալից են Կեզի հանրապարտէզին մէջ ցուցարարներուն արարքները:

Վանի մէջ ալ կտրուեցան 200 հազար ծառեր, որպէսզի այդ ծառերու հողամասերուն վրայ բնակարաններ կառուցուին: Վանի բնակիչները արցունքոտ աչքերով հետեւեցան դաշտերու, անտառներու, արտերու, արօտավայրերու մէջ կատարուած ծառահատումի տեսարաններուն: Վանի քաղաքապետը` Պեքիր Գայա «Վան-Էրճիշ (Արճէշ, Ա.) տարածքի ծառերուն մի՛ դպիք» կարգախօսով հրապարակ իջաւ, բայց անոր ձայնը համազօր չեղաւ Կեզի հանրապարտէզին մէջ բարձրացած ձայնին:

Յօդուածագիրը այս իրողութիւնները պարզելէ ետք կը յիշէ, որ այս աշխարհը մեր բոլորին կը պատկանի: Ծառահատումի պատճառով բոլորս վնաս կը կրենք: Աղթամարը, Վանը, որ անցեալի մէջ հայոց Վասպուրական-Արծրունեան թագաւորութեան մայրաքաղաքը կը հանդիսանար, 1915-ին հազարաւոր հայերու ցեղասպանութեան ականատես դարձաւ: Որքան տարօրինակ է, որ այսօր նմանօրինակ ցաւ մը կ՛ապրի թէ՛ երէկ Իթթիհատ եւ թերաքքըի դրդումով հայերը ցեղասպանութեան ենթարկող քիւրտ ժողովուրդը, թէ՛ քրտական աշխարհագրութիւնը:

Նոյն պատմութիւնը կայ նաեւ Մարտին Միտիաթի, Մարտին Շըրնաքի մէջ, ուր հազարաւոր ծառեր կտրուեցան: Հոն ալ կ՛ապրէին ասորիներ, եզիտիներ: Այս քաղաքին ալ աշխարհագրութիւնը փոխուեցաւ: Երբ գիւղացիները թաղապետին դիմեցին` հարց տալով, թէ ինչո՞ւ կը կտրեն ծառերը, թաղապետը հետաքրքրական պատասխան մը տուաւ. «ՔԱԿ-ի զինեալներու նահանջին աւելի դիւրութեամբ հետեւելու համար»:

Յօդուածին վերջաւորութեան յօդուածագիրը գրի կ՛առնէ սա ուժեղ տողերը. «Անոնք, որոնք ընկերային կայքէջերու վրայ «Ամէն կողմ Թաքսիմ է, ամէն կողմ դիմադրութիւն կայ» կը պոռան, ինչո՞ւ նոյն դառն աղաղակը չեն բարձրացներ Վանի ու Մարտինի համար: Մարտինն ու Վանը այս երկրին սահմաններուն մէջ չե՞ն արդեօք: Անոնք, որոնք հոն աշխարհ եկած են, խո՞րթ զաւակներ են արդեօք: 93 տարուան հանրապետութիւնը իր հաստատութիւններով ու օրէնքներով այնքան շատ ցեղապաշտ ու ֆաշական հասցուց, որ հիմա 93 տարիներու եւս կը կարօտինք, որպէսզի այս գլուխները փոխուին: Այս երկիրը քիւրտին, հայուն, ասորիին, յոյնին, եզիտիին, գըզըլպաշին, գնչուին կամ չերքեզին կը նայի միայն զանոնք անգոյ նկատելու ու զանոնք թրքացնելու տեսանկիւնէն: Հիմա, որպէսզի յատկապէս հակազդած ըլլանք 93 տարիէ ի վեր մեզի պատրադրուած այս ազգային մենատիրութեան դէմ, գոնէ անգամ մը փշրենք սովորամոլութիւնները եւ մեր սիրտերը դարձնենք դէպի արեւելք: Ինչպէս որ արեւը արեւելքէն կը ծագի, այդպէս ալ քաղաքակրթութիւնն ու մարդկութիւնն ալ արեւելքէն ծնունդ պիտի առնէ: Անոնք, որոնք այսօր հրապարակներու վրայէն կ՛արտաքսեն քիւրտ ժողովուրդը, կամ չեն կրնար հանդուրժել Կեզի հանրապարտէզին մէջ ցեղասպանութեան յուշարձանի մը կամ Հրանդ Տինք պողոտայի, օր մը պիտի տեսնենք, որ դարձեալ այդ հին ժողովուրդներն են, որ այս երկրին մէջ պիտի իրականացնեն մնայուն հաշտութիւնը:

 

 

Share this Article
CATEGORIES